Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1967)

January 20, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Ներգաղթ` Այո՛, Արտագաղթ` Ո՛չ

Յաջորդական երկու թիւերով հրատարակեցինք մեր աշխատակիցին` Վրոյրի զոյգ յօդուածները` «Սա անբա՜խտ հայրենադարձութիւնը…» խորագրին տակ:

Մեր աշխատակիցը, իր կարգին, կ՛անդրադառնար հայրենադարձները տեղաւորող մարմինի նախագահի տեղակալ Հ. Այվազեանի մէկ յօդուածին, որ լոյս տեսած է «Սովետահայ Հայաստան»-ի 31 դեկտեմբերի թիւին մէջ` հայրենադարձութեան մասին:

Վրոյր սպառիչ կերպով խօսած է 1923-ին Ճենովայի միջազգային ժողովին մէջ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Չիչերինի այն յայտարարութեան մասին, որ` «Խորհրդային կառավարութիւնը պատրաստ է ընդունիլ հայ գաղթականներին եւ նրանց ապաստան տալ Խորհրդային Հայաստանում»:

Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ խորհրդային կառավարութեան այս «պատրաստակամութիւնը» ի՛նչ իրականացում ունեցաւ գործնական կեանքի մէջ: Այդ թուականէն մինչեւ 1940 արտասահմանէն միայն 80.000 հայ փոխադրուած է Հայաստան, իսկ 1940-էն մինչեւ այսօր` 120.000: Քառասունեւհինգ տարուան մէջ` միայն երկու հարիւր հազար հոգի:

Թիւերու հետ պիտի չխաղանք, ոչ ալ պէտք կը զգանք անդրադառնալու Հ. Այվազեանի այն եզրակացութեան, որ` «Այս որոշումը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուեց խորհրդային խորհրդային կառավարութեան իսկական հոգատարութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ եւ բացայայտեց պուրժուական կառավարութիւնների կեղծ մարդասիրութիւնը»: Այո՛, ամբողջ աշխարհ տեսաւ խորհրդային կառավարութեան «հոգատարութի՜ւնը» հայ ժողովուրդի նկատմամբ, որուն երեսն ի վեր մարդիկ պոռացին, որ իրենք ամենայն հայոց կառավարութիւն չեն, իսկ «պուրժուական կառավարութիւնները» «կեղծ մարդասիրութիւնը»: Այո՛, ամբողջ աշխարհ տեսաւ խորհրդային կառավարութեան «հոգատարութի՜ւնը» հայ ժողովուրդի նկատմամբ, որուն երեսն ի վեր մարդիկ պոռացին, որ իրենք ամենայն հայոց կառավարութիւն չեն, իսկ «պուրժուական կառավարութիւնները» «կեղծ մարդասիրութեամբ» հիւրընկալեցին մեր բեկորները:

Բարեբախտաբար, հայ ժողովուրդի չափանիշին համար, մեզ մինչեւ հիմա իրենց գիրկը ընդունած եւ ազատ կեանքի ու գործի հնարաւորութիւններ ստեղծած այդ կառավարութիւնները երբեք նկատի չունին Այվազեանները…

Անցնի՛նք:

Չենք կրնար անցնիլ, սակայն, հայրենադարձները տեղաւորող մարմինի նախագահի տեղակալին սա աժան ամբաստանութեան վրայէն, որ շարունակ կը կրկնուի Երեւանէն մինչեւ արտասահման, համայնավար իշխանաւորներու եւ անոնց սփիւռքեան թութակներուն կողմէ.

«Դաշնակ ղեկավարները եւ նրանց մամուլի օրկանները ամէն ինչ անում են` վարկաբեկելու հայրենադարձութիւնը, Խորհրդային Հայաստանը եւ մաշկից դուրս են գալիս տխրահռչակ ԱՆՉԱ-ի միջոցով համոզելու հայերին, որ հայրենիք դառնալու փոխարէն` նրանք գնան Քանատա, Պրազիլ, Արժանթին- Աւստրալիա, ուր ուզէք, միայն թէ` ոչ Հայաստան»:

Այվազեան կա՛մ գիտակցութիւնը չունի իր խօսքերուն ծանրութեան, կա՛մ գիտակցաբար կը խեղաթիւրէ իրականութիւնները: Երկու պարագային ալ իր պաշտօնին եւ պատասխանատուութեան անհամապատասխան ելոյթի մը մէջ կը գտնուի, որովհետեւ, մէկ անգամ ընդմիշտ յստակ ու հաստատ պէտք է ըլլայ այն, որ`

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՄ ՉԷ ԵՂԱԾ, ԴԷՄ ՉԷ ՈՒ ԴԷՄ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ՆԵՐԳԱՂԹԻՆ,
ԴԷՄ ԵՂԱԾ Է, ԴԷՄ ՈՒ ԴԷՄ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՉԸԼԼԱԼ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ»:
ԴԷՄ ՉԷ ԵՂԱԾ, ԴԷՄ ՉԷ ՈՒ ԴԷՄ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ ԻՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ,
ԴԷՄ ԵՂԱԾ Է, ԴԷՄ Է ՈՒ ԴԷՄ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՉԸԼԼԱԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՏԱՐՏՂՆՈՒՄԻՆ` Ի ՍՓԻՒՌՍ ԱՇԽԱՐՀԻ:

Մեզի համար ասիկա ՀԻՄՆԱԿԱՆ քաղաքականութիւն է, հայ ժողովուրդին, անոր ապագային հանդէպ անխախտ տեսակէտ, հիմնաւորուած մտածում, որուն մտահոգութիւնը եւ տագնապը կ՛ապրի մեր կուսակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր, այն օրերուն նաեւ, երբ Հայաստանի դուռերը փակուած էին մեր բեկորներուն առջեւ:

Բայց Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՆԵՐԳԱՂԹ, ուսումնասիրուած ծրագրով: Ներգաղթ մը, որուն գլխաւոր նպատակը ըլլայ հայութեան փրկութիւնը եւ ոչ թէ` քարոզչական նպատակներով կատարուած ձեռնարկ, ինչպէս տեսանք 47-48 թուականներուն:

Բարեբախտաբար Այվազեաններ քսան տարի ետք կ՛ընդունին այն, ինչ որ «դաշնակցական մամուլի օրկանները» կ՛ըսէին այդ օրերուն, երբ մարդիկ, Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, ահաւոր խուժանավարութեամբ մը ներգաղթը կը շահագործէին` ժողովուրդը բաժնելով երկու յստակ մասերու` հայաստանեան եւ հակահայաստանեան:

Կը կարծենք, որ եթէ կայ մէկը, որ պէտք է աշխատի երբեք չյիշել ու չյիշեցնել այդ տխուր օրերը, այդ ալ համայնավարութիւնն է, անոր գործակալներն են` Հայաստանի մէջ թէ այլուր, որովհետեւ,

Որովհետեւ, Այվազեան եւ իրմէ առաջ ուրիշներ (նոյնքան պատասխանատու մարդիկ) կը խոստովանին որ` «Շատ պակասութիւններ, թերեւս նաեւ սխալներ կային, այդ տարիների հայրենադարձութեան կազմակերպման գործում»:

Այդ սխալները ընդունելէ ետք, ելլել ու յայտարարել դարձեալ, որ` «Դաշնակ ղեկավարները ամէն ինչ անում են վարկաբեկելու հայրենադարձութիւնը», մինչ Դաշնակցութիւնը երէկ ըսած էր միայն այն, ինչ որ այսօր իրենք կ՛ըսեն հայրենադարձութեան կազմակերպման մասին, մեղանչում է պարկեշտութեան դէմ, պատմական իրականութիւններու դէմ, հայութեան դէմ, որ ներգաղթի հարցին մէջ տարբեր տեսակէտ չունի, քան ինչ որ «դաշնակ ղեկավարութիւնը»:

Ու յետոյ, դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի լսենք սա միւս այլանդակութիւնը. «Դաշնակները մաշկից դուրս են գալիս տխրահռչակ ԱՆՉԱ-ի միջոցով համոզելու հայերին, որ հայրենիք դառնալու փոխարէն` նրանք գնան Քանատա», կամ չենք գիտեր` ո՛ւր:

Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ`

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՄ Է ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ:

Արտագաղթ` հոծ, ազգային կազմակերպուած կեանքով օժտուած երկիրներէն դէպի Քանատա կամ այլուր…

Արտագաղթ` մանաւանդ Հայաստանէն, դէպի ո՛ւր որ կ՛ուզէք:

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ ՄԻԱՅՆ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ:

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ՄԻԱՅՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ, ՀԱՄԱԽՈՒՄԲ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԽՈՒՄԲ ՀՈՂԵՐՈՒ ՎՐԱՅ:

Կը դատապարտէ ու ներելի չի գտներ ոեւէ հայու դուրս գալը Հայաստանէն, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, ի՛նչ վարչաձեւ ալ տիրէ մեր հայրենիքին մէջ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂ ՀԱՅ ՄԸ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՀԱՅ ՄԸՆ Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ:

Միամտութիւնը չունինք, որ Այվազեանները անտեղեակ են այս իրողութեան, եւ այդ անտեղեակութիւնն է պատճառը պարբերական խեղաթիւրումներու:

Կ՛ակնկալենք սակայն, որ Հայաստանի մէջ պիտի գտնուին մարդիկ, կան մարդիկ, հանրային կեանքի ու մամուլի պատասխանատուներ, որոնք իրենց ականջին մէջ տեղ մը պիտի տան այս հաստատումին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Տարբերութիւնը Արքթիքին Եւ Անթարքթիքին Միջեւ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.