ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին տասնեակին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ:
Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա կը գրաւէ առաջին դիրքը, որուն կը յաջորդեն Պրազիլ եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 383 կէտով մնաց 90-րդ դիրքին վրայ: Հայրենի կազմը դեկտեմբեր 2017-ին որեւէ մրցում չկատարեց:
Լիբանանի կազմը մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ 407 կէտով կը գրաւէ 84-րդ դիրքը:
Ասիական խումբերուն մէջ Իրան երկու դիրք նահանջեց եւ այժմ 798 կէտով կը գրաւէ 34-րդ դիրքը (Ասիոյ ամէնէն բարձր դիրքը):
Իսկ արաբական խումբերուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ Թունուզ. 838 կէտով` 23-րդ:



