Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Տիժոնը, 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ:
Այս մրցումին պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար նշանակեց չորս կոլ (42-րդ, 57-րդ, 73-րդ եւ 83-րդ` փենալթիով):
Թէեւ Էտինսոն Քաւանի այս մրցումին նշանակեց մէկ կոլ (21-րդ), սակայն յաջողեցաւ ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել` նշանակելով իր 156-րդ կոլը մայրաքաղաքի կազմին հետ` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին: Ան նախապէս այս մրցանիշը կը բաժնէր շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ:



