ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ այցելեցին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման նպատակով մշակուած շարք մը թղթածրարներ, որոնք պատրաստ են նախարարութեան կողմէ գործադրուելու:



