Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բողոք ներկայացուցած են ՄԱԿ-ին` ըսելով, որ Քաթարի հալածիչները «որսացած» են իրենց քաղաքային օդանաւերը` անհիմն կերպով սրելով շրջանային տագնապը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Քաթարի իշխանութիւնները հերքած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքային երկու օդանաւ «որսալու» վերաբերեալ Էմիրութիւններուն մեղադրանքները:
Բողոքը ուղարկուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահներուն: Բողոքին մէջ կը նշուի, որ այդ քայլը վտանգ կը ներկայացնէ քաղաքային թռիչքներու անվտանգութեան համար եւ կը խախտէ միջազգային օրէնքը:



