Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի գործակատարը` Մինօ Ռայոլա հաստատեց այն լուրերը, որ Հայաստանի հաւաքականին խմբապետը կրնայ տեղափոխուիլ Արսենալ, իսկ չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչես` մեկնիլ հակառակ ուղղութեամբ: Իտալացի գործակատարին համաձայն, ասիկա տեղի կրնայ ունենալ ֆութպոլիստին հաւանութենէն ետք միայն:
Մանչեսթըր Եունայթըտ Ալեքսիս Սանչեսը ձեռք կրնայ ձգել այն ժամանակ միայն, երբ Մխիթարեան համաձայն գտնուի տեղափոխուիլ Արսենալ:
Ըստ Ռայոլայի, Մխիթարեան պիտի ընտրէ այն տարբերակը, որ իրեն համար պիտի ըլլայ յարմարագոյնը, որովհետեւ անոր պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ կ՛աւարտի երկուքուկէս տարի ետք:
Իսկ Արսենալի հետ Սանչեսի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջաւորութեան:
Անգլիական մամուլին համաձայն, երբ Մխիթարեան մաս կը կազմէր Շախտիոր Տոնեցքին, ըսած էր, որ իրեն համար երազ մըն է մաս կազմել Արսենալի:



