Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին տեղափոխուեցաւ Լիբանան եւ մաս կազմեց Բ. դասակարգի կազմերէն Շապապ Սահելին: Վերջինս, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մեծ յոյսեր ունի վերստին բարձրանալու Ա. դասակարգ, ուրկէ տեղափոխուեցաւ նախորդ տարեշրջանին:
Շապապ Մաժտալ Այնճարի դէմ տեղի ունեցած 13-րդ հանգրուանի մրցումին, հայրենի 28 տարեկան ֆութպոլիստը յաջողեցաւ նշանակել իր կազմին երկրորդ կոլը (3-1):
Ըստ լիբանանեան կազմին, Բադոյեան մայեսթրօ մըն է:
Բադոյեանի նախկին խումբն էր Ալաշկերտ Երեւան, ուրկէ հեռացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք, այսինքն` ձմեռնային արձակուրդին ընթացքին:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Դիլիջան Իմփուլսի, Փիւնիկ Երեւանի, Բանանցի եւ Պիելոռուսական ՊԱԹԷ-ի եւ Կոմելի:



