Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ . «Ես Եւ Սէյիտ Նասրալլա Մէկ Սիրտ Կրող Երկու Մարմիններ Ենք» Շեշտեց Պըրրի

January 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան վերաբերող հարցեր, լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին մտահոգութիւն պատճառով արաբական եւ իսլամական խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Ռուհանիի հետ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ Ռուհանի ողջունած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ  անդորրը պահպանուի:

Հանդիպումին ընթացքին Ռուհանի բարձր գնահատած է նաեւ Պըրրիի դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ ան յարգանքի արժանի է: «Մենք կը հպարտանանք Լիբանանի հետ մեր ունեցած մտերմիկ յարաբերութիւններով եւ վստահ ենք, որ Լիբանան յաւելեալ կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի վայելէ», յայտնեց Ռուհանի:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Լարիճանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան ծաւալելիք աշխատանքները:

«Ազատ» համալսարանին մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի խորհրդատու Ալի Վիլայեթիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Իրանի հանրապետութիւնը էր եւ կը շարունակէ մնալ Դիմադրութեան բաբախող սիրտը:

Ան ընդգծեց Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ տիրող եղբայրական յարաբերութիւնները, որ բոլորին համար օրինակելի է` աւելցնելով, որ ինք եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մէկ սիրտ կրող երկու մարմիններ են:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ այսօր ազգային միասնականութեան խիստ կարիքը կայ, որովհետեւ Շիմոն Փերեզի ծրագիրը իրականացնելու միտումով հսկայ դաւադրութիւններ կը նիւթուին:

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Սալիպայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոքի Հետ Գժտուած Ենք, Այլ` Երկրին Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Կը Փափաքինք Վկայել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.