ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ Արսալի մէջ ձերբակալած են երկու սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան կ՛անդամակցին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին սկսած է երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերուն կողմէ ամերիկեան քաղաքականութեան ենթակայութիւնը միայն Իսրայէլի շահերուն կը ծառայէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 96 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը սղած են 300 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 200 ոսկիով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ օրէնսդրական խորհուրդի նպատակները ծանօթ են եւ անոնք կը միտին լիբանանցիներուն միտքերը շեղել: Ան ըսաւ, որ սահմանադրութիւնը մեկնաբանելու ատակ միակ կողմը խորհրդարանն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իրենց ուժը չափելու ելած են, եւ ատիկա մերժելի է, որովհետեւ շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացումին հարցը սահմանադրական է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իշխանութեան երեք պետերը իմաստուն լուծումի մը դիմած կ՛ըլլան` շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը երեսփոխանական ընտրութիւններէն հեռացնելով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հաստատեց, որ երկու տեսակէտներու կառչած մնալու պարագային դատական իշխանութիւններն են, որոնք վերջին վճիռը կ՛արձակեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ իրենք համաձայն են երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` ընտրական հին թէ նոր օրէնքին հիման վրայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ ժամանակը չ՛արտօներ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն բարեկարգումները գործադրուին, «իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ տագնապը պետական հաստատութիւններու աշխատանքին վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:


