Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Նանթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումին տեղի ունեցաւ դէպք մը, որուն ընթացքին դէպի իր բերդը վազելու պահուն Նանթի յետսապահ Տիեկօ Քարլոս սխալմամբ զարնուեցաւ օրուան կեդրոնի իրաւարար Թոնի Շափրոնին:
Իրաւարարը ատոր ի տես նախ փորձեց ոտքով հարուածել Քարլոսին, ապա անոր տուաւ կարմիր քարտ մը:
Մրցումէն ետք իրաւարարը խոստովանեցաւ, որ ան ոչ դիտումնաւոր կերպով առած էր այդ քալյը, սակայն Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, ժամանակաւորապէս կը կախակայէ իրաւարար Շափրոնը:
Այդ հարցով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին հետաքննութիւններէն ետք:



