Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այլ Պետութիւններ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուղարկեն Իրենց Համար Ոչ Պիտանի Մարդիկը, Իսկ Մենք Զանոնք Կ՛ընդունինք» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այն կարծիքը ունի, որ այլ պետութիւնները ամերիկեան «Կրին քարտ»-ի վիճակահանութեան ծրագիրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուղարկեն անոնք, որոնք իրենց պիտանի չեն: Այդ մասին ան յայտնած է Սպիտակ տան մէջ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին:

Թրամփի համաձայն, պետութիւնները կ՛ուղարկեն այն մարդիկը, որոնց չեն ուզեր տեսնել իրենց երկիրներուն մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգներ զանոնք կ՛ընդունին:

«Երկիրները այս համակարգին միջոցով մեր մօտ կ՛ուղարկեն ամէնէն վատ մարդիկը», ըսած է ան:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ իր երկիրը ներգաղթեալները պէտք է ընդունի` հիմնուելով անոնց ձեռքբերումներուն վրայ:

«Ես վստահ եմ, որ ամերիկացիները եւս ատիկա կ՛ուզեն», ըսած է Թրամփ:

Նախապէս ամերիկացի ղեկավարը կոչ ուղղած էր վերջ տալու «Կրին քարտ»-ի վիճակահանութեան ծրագիրին:

«Մեզի պէտք է գաղթի այնպիսի համակարգ, որ նախ եւ առաջ հաշուի կ՛առնէ ամերիկացի ընտանիքներու, հարկատուներու պահանջներն ու կ՛ամրապնդէ անվտանգութիւնը», յայտարարած էր Թրամփ:

«Կրին քարտ»-ի վիճակահանութեան ծրագիրը կը գործէ 1990-էն ի վեր: Ամէն տարի համակարգչային ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրելու եւ աշխատելու արտօնութիւն կու տայ համապատասխան ելեկտրոնային դիմում ներկայացուցած 50 հազար օտարերկրացիներու: Նախապատուութիւն կը տրուի դէպի Միացեալ Նահանգներ ներգաղթեալներու ցած հոսք ունեցող երկիրներու քաղաքացիներուն: Այժմ Թրամփն ու անոր կուսակիցները կ՛ուզեն ջնջել այդ ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ. «Շուրջ 70 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Մարդասիրական Ճգնաժամերու Գօտիներուն Մէջ»

Յաջորդը

Տեմիրթաշ. «Կարելի Է Թուրքիան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Կանգնեցնել»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.