Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանն Ու Ռուսիան Պէտք Է Սանձեն Սուրիական Վարչակարգը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

January 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Սոչիի վեհաժողովէն ետք մեր ուղղուածութեան համաձայն եղող երկիրներուն հետ Սուրիոյ հարցով ժողով մը պիտի գումարենք Թուրքիոյ մէջ»:

«Իրանն ու Ռուսիան պէտք է սանձեն սուրիական վարչակարգը: Անոնք պէտք է գիտակցին Սուրիոյ մէջ իրենց պարտաւորութիւններուն», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու եռակողմ վեհաժողով գումարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին»` աւելցնելով, որ այդ առնչութեամբ որոշումը շատ արագ կը տրուի, եթէ կարիքը ըլլայ:

Փեսքով նաեւ նշեց. «Սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան փորձագէտներու մակարդակով. եւ երաշխաւոր երկիրները պէտք է մասնակիցներու ցանկին շուրջ համաձայնութիւնը վերջնականացնեն»:

Մէկ օր առաջ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները կանչուած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, եւ անոնց փոխանցուած է Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի գործողութիւններուն նկատմամբ Անգարայի հետզհետէ աճող մտահոգութիւնը: «Ասատի վարչակարգին կողմէ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի սահմանի խախտման վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնը փոխանցած ենք Ասթանայի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի դրութեան երաշխաւորի դեր ստանձնած Ռուսիոյ եւ Իրանին` զինուորական եւ դիւանագիտական մակարդակով», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ երկուշաբթի օր Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Տարաթ Իզզա շրջանին մէջ «Առ.Փի.Ճի.»-ով յարձակումի ենթարկուած էր Թուրքիոյ բանակի շարասիւնը: Զինուորական մեքենայ մը քանդուած էր:

Չաւուշօղլու սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց Իտլիպի մէջ չափաւորական ընդդիմադիր խմբաւորումները տկարացնել փորձելու եւ Թուրքիոյ, Իրանի ու Ռուսիոյ միջեւ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի ստեղծելու եւ պահպանելու համաձայնութիւնը ոտնահարելու յանցանքով:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ սուրիական բանակի յարձակումները ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու հոլովոյթին վրայ: Ան վերահաստատեց Անգարայի այն հաստատ կեցուածքը, թէ յունուարին նախատեսուած Սոչիի վեհաժողովին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մասնակցութիւնը պիտի չընդունի: «Մենք յստակ դարձուցած ենք, որ երբեք պիտի չմասնակցինք որեւէ ժողովի, ուր Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ներկայացուած են», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Փաքիստան Կասեցուց Միացեալ Նահանգներու Հետ Պաշտպանութեան Եւ Հետախուզութեան Բնագաւառներուն Մէջ Գործակցութիւնը

Յաջորդը

Թունուզի Մէջ Տասնեակներով Վիրաւորներ Եւ 200 Ձերբակալեալներ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.