Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները «վատ չեն»: Ան պարծանք յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ իր երկրին ազդեցութիւնը աճած է` նշելով, որ «թրքական յաջողութիւնը, մասնաւորաբար վերջին շրջանին, հմայած է արաբական աշխարհը, ուստի մեզի կը հետեւին եւ այդ պատճառով ալ անուղղակի ազդեցութիւն ունինք»:
Կիւլ Սուրիան զգուշացուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները քաջալերելէ` վստահեցնելով, որ իր երկիրը այդ հարցին կը հետեւի, նոյնիսկ եթէ կը տեսնէ, որ Սուրիա այդ կուսակցութեան զինեալներուն ապաստան չի տրամադրեր:
Անդրադառնալով իրանեան այն ամբաստանութեանց, թէ Թուրքիա Իրանի դէմ ամերիկեան ծրագիրները կը գործադրէ, Կիւլ յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ամերիկեան հակահրթիռային համակարգը Իրանը յատուկ կերպով թիրախ չի դարձներ»:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ թուրք պաշտօնատարներ կը սպասեն, որ Ուաշինկթըն առանց օդաչուի թռչող սարքերու զօրակայան` փոխադրէ Ինճիրլիքի զօրակայան օժանդակելու համար ՔԱԿ-ի զինեալներու հսկողութեան աշխատանքին:


