Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Այսօր Կ՛Այցելէ Փարիզ. Մաքրոն Կը Խոստանայ Քննարկել Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներու Հարցը

January 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ այսօր Փարիզի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի քննարկէ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն հարցը:

Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ տօնական օրերուն առիթով կազմակերպուած լրագրողներու ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Քանի մը օրէն պիտի շարունակեմ Թուրքիոյ հետ քննարկել բանտարկուած եւ իրենց ասպարէզին մէջ գործելէ արգիլուած լրագրողներուն հարցը»:

«Ատիկա պիտի կատարեմ յարգալից կերպով, սակայն նոյն ատեն մեր արժէքներն ու շահերը պաշտպանելով», աւելցուց ան:

«Մամլոյ ազատութիւնը երկրին մէջ ազատութեան բարձրագոյն դրսեւորումն է, ատիկա մենատիրական վարչակարգերու քանդումին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուող ազատութեան առաջին դրսեւորումն է, Թուրքիոյ մէջ եղած իրավիճակը անընդունելի է», ըսաւ Մաքրոն:

Մաքրոն սեպտեմբեր 2017-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղած էր ստեղծելու լրագրողներու պաշտպանութեան հարցերու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը:

Ան 31 հոկտեմբեր 2017-ին Սթրազպուրկի մէջ յոյս յայտնած էր, որ Եւրոպական մարդկային իրաւանց ուխտը ստորագրած Թուրքիան եւ Ռուսիան յարգեն զայն, մասնաւորաբար անոր մամլոյ ազատութեան վերաբերող բաժինը:

Յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսա այցելող Էրտողան այսօր հանդիպում պիտի ունենայ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ: Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց հարցերու կողքին պիտի քննարկուին սուրիական տագնապին եւ Երուսաղէմի նման շրջանային հարցեր:

 

 

Նախորդը

«Կը Ջանանք Երուսաղէմի Մէջ Ու Անոր Մերձակայքը Ապրող Պաղեստինցիներուն Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Քալըն

Յաջորդը

Փաքիստանեան Բանակ. «Պիտի Հակադարձենք Միացեալ Նահանգներու Որեւէ Արարքի»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.