Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարչապետ Հարիրիի Արգելափակումին Ընթացքին, Լիբանան Փրկուեցաւ Սէուտական Ծրագրաւորումով Քաղաքացիական Պատերազմէ Մը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի մէջ կացութիւնը գրեթէ հակակշռուած է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը հարաւային Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն է, եւ ատիկա կը մտահոգէ իսրայէլացիները:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ինք շաբաթներ առաջ հանդիպած է:

Ան նշեց, որ եթէ Պաղեստինի ազատագրումին համար պատերազմը սկսի, Իսրայէլ լաւ գիտէ, որ իրենք հարիւր հազարաւոր հրթիռներու կարիք պիտի չունենան զայն տապալելու, այլ քանի մը տասնեակ հրթիռի:

Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ պատերազմը յաղթողին համար շատ աւելի դիւրին է Իսրայէլը պարտութեան մատնելը, որովհետեւ անիկա ՏԱՀԵՇ-էն շատ աւելի տկար է:

Ան նկատել տուաւ, որ ՏԱՀԵՇ իբրեւ պետութիւն գոյութիւն չունի այլեւս, սակայն կը գործէ իբրեւ կազմակերպութիւն եւ այդ իրականութիւնը ան կը պարտի ամերիկեան օժանդակութեան ու նեցուկին:

Սէյիտ Նասրալլա վստահեցուց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է եւ տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի նոր զէնքերով անակնկալի բերելու սիոնական թշնամի գոյացութիւնը:

Անդրադառնալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի` Ռիատի մէջ արգելափակումի շրջանին մասին:

Ան հաստատեց, որ նպատակը վարչապետ Հարիրին վերջնականապէս Սէուտական Արաբիոյ մէջ պահել էր եւ Լիբանանի մէջ սէուտական ծրագրաւորումով քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն, ներկայ պետութեան ճիգերը, յատկապէս` հանրապետութեան նախագահին ու խորհրդարանի նախագահին ջանքերը եւ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը կրցան Լիբանանը փրկել հսկայ աղէտէ մը, որ անխուսափելի պիտի ըլլար` վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին ընդունուելուն պարագային:

Այս մասին շօշափելի տուեալ մը ներկայացնելու վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ սէուտական այս տրամադրութենէն եւ դաւադրութենէն տեղեակ են նաեւ անոր դաշնակից օտար երկիրներ, ինչպէս` Ֆրանսա:

Դիմադրութեան պետը հաստատեց, որ կան շօշափելի տուեալներ նաեւ սէուտական այնպիսի նիստերու մասին, որոնց ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի մէջ կռուողներուն թիւը եւ անոնց զէնք մատակարարելու միջոցները:

«Լիբանանի համար պատրաստուած ծրագիրը շատ վտանգաւոր էր», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ իր եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ ուղղակի կապ չկայ` աւելցնելով սակայն, որ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի կարգ մը պատասխանատուներուն միջեւ յարաբերութիւնները առկայ են:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք Հարիրիի հետ հանդիպում չի պահանջեր եւ չի փափաքիր վարչապետը նեղ կացութեան մատնել: «Սակայն Հարիրիի կամ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հանդիպելու ոչ մէկ հարց ունիմ, երբ այդ հանդիպումներուն խիստ կարիքը զգացուի», ըսաւ ան:

Շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացումին գծով ստեղծուած տագնապին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր նախագահ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ ստեղծուած տագնապը լուծելու:

Սէյիտ Նասրալլայի հետ երկարատեւ հարցազրոյցը աւարտեցաւ անձնական քանի մը հարցումով, որոնց ընդմէջէն ան բացայայտեց, թէ իր ամսական աշխատավարձը շուրջ 1300 տոլար է` աւելցնելով, որ ինք մշակութային հետաքրքրութիւններ ունի:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Լիբանանը Հեռու Պահելու Շրջանային Եւ Միջազգային Առանցքներու Բախումներէն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագիրները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.