Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին հարցը գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ է: Ան մաղթեց, որ 2018-ը բարեբեր տարի մը ըլլայ բոլորին համար:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ զինուորականներու աստիճաններուն բարձրացման վերաբերող որոշումը պիտի ստորագրէ` անոր մէջ չներառելով 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն պարագան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ ելեւմուտքի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած տագնապին դիմաց Լիբանանի տնտեսութիւնը հաստատուն կը մնայ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հարց տուաւ, թէ արդեօք պատասխանատուները կը մտածե՞ն Լիբանանը զանց կացուցել շրջանային տագնապներէն, նախքան Մոհամետ Շաթահի նահատակութեան Ե. տարելիցը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ իրենք կ՛աշխատին լիբանանեան պետութիւնը կերտելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը կը վստահին իշխանութեան պետերուն իմաստութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տարակարծութիւնը կը յամենայ` աւելցնելով, որ հարցը պէտք եղածէն աւելի բարդացած է: Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի համար ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը կը մնայ տարուան նուաճումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ տարակարծութիւնները շուտով լուծելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հարց տուաւ, թէ Լիբանանի հարաւային սահմաններուն վրայ շրջող իրաքեան միլիսներու պատասխանատուներուն մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կարծիքը ի՞նչ է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ քաղաքականութեան եւ համայնքայնութեան որդը կարելի չէ բանակին մօտեցնել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը պատրաստուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ այդ նպատակով Ամալ շարժումին հետ կը համադրէ երեսփոխանական թեկնածուներուն անունները:

ՍԱՅՏԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի հաստատեց, որ Սայտայի քաղաքապետութեան վրայ քաղաքական ազդեցութիւնը միշտ ալ դրական եղած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետը յանձնառու է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ տիրող ներկայ տագնապը ամէնէն խորն է եւ բարդը:

 

 

Նախորդը

Քապուլի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Շրջանաւարտ Սպաներու Թղթածրարին Շուրջ Անհամաձայնութիւնը Պիտի Բարդացնէ Հարցերը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.