«Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա 9 կէտի առաւելութիւն մը ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի (2-րդ), 11 կէտի` Վալենսիայի, իսկ 14 կէտի` Ռէալ Մատրիտի վրայ:
Բայց հակառակ ատոր, քաթալոնական կազմը, երթի մրցումներուն աւարտէն ետք, չի պատրաստուիր հանգստանալու եւ կը փորձէ լուրջ փոփոխութիւններ կատարել 2018-ին:
Կը խօսուին շարք մը նորեկ մարզիկներու մասին, բայց ցարդ յստակ անուններ չկան:
Նկատի ունենալով, որ ձմրան ընթացքին Մասքերանօ պիտի տեղափոխուի Չինաստան, Պարսա կը փորձէ լաւ կեդրոնական յետսապահ մը ձեռք ձգել:
Խումբը կը հաստատէ, որ դարձի մրցումներուն խաղադաշտ պիտի վերադառնան (երկարատեւ վնասուածքներէ ետք) Ուսման Թեմպելէ եւ Ռափինիա:



