Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Մարշալ Ծրագիր»-ի Հեղինակ` Ճորճ Ք. Մարշալ

December 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

1 սեպտեմբեր 2017-ին Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ճորճ Ք. Մարշալ կեդրոն»-ի «Ապահովութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն»-էն շրջանաւարտներու խորհրդաժողովը: Հայկական բանակի, նախարարութիւններու, հաստատութիւններու եւ գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ մասնակցեցան «Հայաստանի ապահովութեան մարտահրաւէրներ» ուսումնասիրութեան նուիրուած ժողովին:

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, դեսպան Մաթիաս Քայզլըր (կեդրոնը) քովը՝ Արտակ Զաքարեան ——-Մարշալ կեդրոն, Կարմիշ, Գերմանիա

1995-էն ի վեր աւելի քան 240 հայեր հետեւած են դասընթացքներուն եւ խորհրդաժողովներուն, կազմակերպուած Ճորճ Ք. Մարշալ կեդրոնին` Ամերիկեան-գերմանական ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկին մէջ, Կարմիշ, Գերմանիա, զարգացնելու համար ժողովրդավարութիւն` վստահութեան եւ բարեկամութեան միջոցով: Մարշալ կեդրոնի ծրագիրներուն մասնակիցները կը քննեն բարդ խնդիրներ, ինչպէս` ժամանակակից ապահովութիւն, ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւն, ապահովութեան ծրագրաւորում, տագնապներու կառավարում, համացանցի ապահովութիւն եւ փտածութեան դէմ պայքարի ծրագիրներ:

«Տարիներու ընթացքին հայերու մասնակցութիւնը` Մարշալ կեդրոնի զանազան ծրագիրներուն, իր դրոշմը ձգած է ոչ միայն հայ ղեկավարներու կովկասեան ապահովութեան հարցերու մօտեցումին, այլ նաեւ` ինչպէ՛ս Հայաստանը կը ստանձնէ աւելի ընդարձակ` եւրօ-ատլանտեան հարցեր եւ ապահովութիւն», ըսաւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, խորհրդաժողովի բացման իր խօսքին մէջ: «Իբրեւ Մարշալ կեդրոնի շրջանաւարտներ` այս պատկառելի շրջանաւարտից խումբը տարիներու ընթացքին կերտած է ուժեղ ընկերակցութիւններ եւ մնայուն բարեկամութիւններ, եւ անոնք հայրենիք վերադարձած են նոր գաղափարներով` զանոնք կիրարկելու Հայաստանի մէջ: Անոնք նաեւ հաւաքաբար սատարեցին Ուաշինկթընի եւ շատ մը եւրոպական մայրաքաղաքներուն աւելի լաւ եւ առողջ ըմբռնումին`  Հայաստանի եւ Կովկասի շրջանին դիմագրաւած յատուկ ապահովութեան եւ պաշտպանութեան մարտահրաւէրներուն»: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քայզլըրը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Զաքարեանը (1):

Ճորճ Քաթլեթ Մարշալ ———————————3700 էջնոց «Մարշալ ծրագիրը»` ներկայացուած ամերիկեան Քոնկրեսին

Ո՞վ էր Ճորճ Ք. Մարշալ (1880-1959): Ամերիկացի զինուորական եւ պետական գործիչ, ստանձնած է կարեւոր պաշտօններ. Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար` 21 սեպտեմբեր 1950-12 սեպտեմբեր 1951, պետական քարտուղար` (արտաքին գործոց նախարար) 21 յունուար 1947 – 20 յունուար 1949, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատար` 1 սեպտեմբեր 1939-18 նոյեմբեր 1945, Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Չինաստանի մէջ` 15 դեկտեմբեր 1945 – յունուար 1947, Միացեալ Նահանգներու Կարմիր խաչի նախագահ` 1 հոկտեմբեր 1949-1 դեկտեմբեր 1950, ինչպէս նաեւ` այլ պաշտօններ: Ծառայած է նախագահներ Ֆրանքլին Ռուզվելթի եւ Հերի Թրումանի օրօք:

5 յունիս 1947-ին Հարվըրտ համալսարանին մէջ Մարշալ ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարութեան` Բ. Համաշխարհային պատերազմին պատճառով քանդուած Եւրոպան վերաշինելու փառատենչ ծրագիրները` ներկայացնելով ամերիկեան նախագիծը: Պաշտօնապէս` «Եւրոպայի կազդուրման ծրագիր»-ը վերանուանուեցաւ «Մարշալ ծրագիր»: Օրուան նախագահ Թրումանի քաղաքական խորհրդական Քլարք Քլիֆֆորտը նախագահին թելադրեց «Թրուման ծրագիր» անուանել զայն, սակայն նախագահը պնդեց, որ կոչուի «Մարշալ ծրագիր»: Ծրագիրը պիտի օժանդակէր Արեւմտեան Եւրոպային` արագօրէն վերաշինել քանդուածը եւ արդիականացնել անոր տնտեսութիւնը ամերիկեան օրինակով: Խորհրդային Միութիւնը արգիլեց իր արբանեակ պետութիւններուն մասնակցութիւնը ծրագիրին (2):

Վերակառուցման ծրագիրը կազմաւորուեցաւ եւրոպական պետութիւններու ժողովի մը ընթացքին` 5 յունիս 1947-ին: Նոյն օժանդակութիւնը առաջարկուեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ անոր դաշնակիցներուն, որ սակայն մերժուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, որ ընդունելով օժանդակութիւն` ամերիկեան հակակշիռին պիտի ենթարկուէին խորհրդային տնտեսութիւնները: Ճորճ Մարշալ համոզուեցաւ, որ Ստալին չէր հետաքրքրուած Արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսական զարգացումով:

Միացեալ Նահանգները աւելի քան 13 միլիառ տոլար (այժմու արժէքով` շուրջ 132 միլիառ) յատկացուցին այս քառամեայ ծրագիրին, որ սկսաւ 8 ապրիլ 1948-ին: Միացեալ Նահանգներուն նպատակն էր` վերականգնել պատերազմէն քանդուած շրջանները, վերացնել սահմաններուն առեւտրական արգելքները, արդիականացնել ճարտարարուեստը, Եւրոպան վերստին բարգաւաճ դարձնել եւ արգելք հանդիսանալ համայնավարութեան տարածումին:

Մարշալ նպաստ` Յունաստան եւ Մարշալ վերակառուցում` Արեւմտեան Գերմանիա

Առաջին յատկանշական նպաստը յունուար 1947-ին յատկացուեցաւ Յունաստանին եւ Թուրքիոյ, որոնք կը նկատուէին համայնավարութեան տարածումին դէմ առաջին ճակատը, որոնք արդէն նպաստ կը ստանային «Թրուման վարդապետութեան» տրամադրութեան շնորհիւ:

Մարշալ ծրագիրին օժանդակութիւնը բաշխուեցաւ մօտաւորապէս անձ գլուխ հաշուով: Աւելի մեծ գումարներ յատկացուեցան գլխաւոր ճարտարարուեստական երկիրներուն, այն համոզումով, որ անոնք պիտի սատարեն Եւրոպայի ընդհանուր վերակենդանացումին: Որոշ չափով աւելի նպաստ ուղղուեցաւ Դաշնակից ազգերուն: Մեծագոյն նպաստառուն եղաւ Միացեալ Թագաւորութիւնը` շուրջ 26 տոկոս, ապա Ֆրանսան` 18 տոկոս եւ Արեւմտեան Գերմանիան` 11 տոկոս: 18 եւրոպական երկիրներ օժանդակութիւն ստացան (3):

Յատկանշական է, որ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար` Մարշալ խիստ դէմ էր ճանչնալու Իսրայէլը: Մարշալ կը զգար, որ եթէ Իսրայէլ պետութիւնը հռչակուէր, պատերազմ պիտի ծագէր Միջին Արեւելքի մէջ, որ պատահեցաւ 1948-ին` Իսրայէլի անկախութիւն հռչակելէն մէկ օր ետք (եւ կը շարունակուի ցարդ,  Յ. Չ.): Մարշալ նկատեց, որ հրէական պետութեան ճանաչումը ներքին քաղաքական քայլ մըն էր` ապահովելու համար հրեաներուն քուէները գալիք նախագահական ընտրութիւններուն, ուր Թրուման կրնար կորսնցնել թեկնածու Տիուիին: Ան 1948 մայիսին նախագահ Թրումանին ըսաւ. «Եթէ ճանչնաս Իսրայէլի պետութիւնը, եւ եթէ մասնակցիմ քուէարկութեան, քու դէմդ պիտի քուէարկեմ»: Սակայն, իբրեւ սկզբունք, Մարշալ կը մերժէր քուէարկել որեւէ ընտրութեան (2):

Թրուման ճանչցաւ Իսրայէլը: Իսրայէլի, քարիւղի եւ այլ պատճառներով, ըստ նախագահ Թրամփի 26 հոկտեմբեր 2016-ին Շարլոթի մէջ կատարած յայտարարութեան, քննադատելով նախորդող պատասխանատուները` ըսաւ. «Ամերիկան ցարդ 6 թրիլիոն տոլար (6000 միլիառ) ծախսած է Միջին Արեւելքի մէջ»… (4) միաժամանակ քանդելով Աֆղանիստանը, Իրաքը, Սուրիան եւ Եմէնը եւ  պատճառ դառնալով ցարդ շարունակուող միլիոնաւոր զոհերու եւ գաղթականներու…

Թրուման, նախագահի պաշտօնէն ետք, ի պատասխան հարցումի մը` ըսած է, որ վերջին երեսուն տարիներուն «Չեմ կարծեր գտնուած է անձ մը, որ աւելի մեծ ղեկավար եւ զինուորական հարցերու գիտութիւն ունէր, քան` զօրավար Մարշալը»: Ճորճ Մարշալ 1943-ին եւ 1947-ին հռչակուեցաւ «Թայմզ» ամսաթերթին «Տարուան մարդը», իսկ 1953-ին դարձաւ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր` միակ ամերիկացի զինուորականը, որ արժանացած է այս պատիւին (2):

Ստորեւ Ճորճ Մարշալի շարք մը տեսակէտները` ընդհանրապէս ուղղուած զինուորականներուն (5).

1.- Ինչ որ ուրիշներ կ՛ընեն, պէտք չէ վրադ ազդէ. մենք կը գործենք այնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւրս կ՛ուզէ ըլլալ:

2.- Մի՛ պայքարիր խնդիրին դէմ, որոշո՛ւմ կայացուր:

3.- Կռուիլը բաւարար չէ: Մեր կռիւին ընկերակցող ոգին է, որ որոշիչ դեր ունի: Մեր բարոյական կորովը կը շահի յաղթանակը:

4.- Երբ բան մը պատահած է, պատահած է: Ետեւ մի՛ նայիր: Առջեւ նայէ դէպի յաջորդ նպատակդ:

5.- Միակ միջոցը, որ մարդիկ պատերազմ մը կը յաղթեն, զայն կանխարգիլելն է:

6.- Անկեղծութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը հիմնական յատկանիշներն են ընտիր եւ ուժեղ նկարագիրի:

7.- Խաղաղութեան գինը յաւերժական աչալրջութիւնն է:

8.- Միշտ փորձած եմ երիտասարդները մղել, որ սովորութիւն դարձնեն իրականութիւնը փնտռել:

9.- Աղքատութիւնը եւ կեղեքումը պատերազմներ կը սնուցանեն: Յարատեւ խաղաղութիւնը կարելի է միայն համեմատաբար ազատ եւ բարգաւաճ աշխարհի մը մէջ:

Հիրոշիմայէն քանդուած շրջան մը
Նոյնպէս` Նակազաքի

10.- Ամէնէն կարեւորները զինուորին սիրտը, զինուորին ոգին եւ զինուորին հոգին են: Եթէ զինուորին ոգին զինք տոկուն չի պահեր, կարելի չէ վստահիլ անոր. ան ինքզինք եւ իր հրամանատարը ձախողութեան պիտի մատնէ, վերջաւորութեան նաեւ` իր երկիրը:

11.- Կրաւորական անտարբերութիւնը, քանի որ յատուկ հրահանգ չէ տրուած այս կամ այն բանը կատարելու, ծանրակշիռ  թերութիւն է:

12.- Մեր քաղաքականութիւնը ուղղուած չէ որեւէ երկրի կամ վարդապետութեան դէմ, այլ` անօթութեան, աղքատութեան, յուսահատութեան եւ քաոսի դէմ: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ համաշխարհային գործող տնտեսութեան մը յառաջացումը, որպէսզի արտօնէ քաղաքական եւ ընկերային պայմաններու ընձեռումը, ուր ազատ հաստատութիւններ կրնան գոյատեւել:

13.- Պէտք է դադրինք մեր ուղղութիւնը իւրաքանչիւր անցնող նաւու լոյսով ճշդելէ, փոխարէնը`  մեր ուղղութիւնը պէտք է ճշդենք աստղերէն:

14.- Բարոյականութիւնը միտքի վիճակ է: Ան կայունութիւն, քաջութիւն եւ յոյս է:

15.- Չեմ ուզեր, որ դուք այստեղ նստած` ինծի հարցնէք, թէ ի՛նչ պիտի ընէք, այլ կ՛ուզեմ, որ դուք ինծի ըսէք, թէ ի՛նչ պիտի ընէք:

16.- Ռազմական ուժը կը յաղթէ ճակատամարտեր, սակայն պատերազմները կը շահի ոգեղէն ուժը:

17.- Եթէ նպատակը ճշգրիտ բանաձեւուի, հարիւրապետ մը իսկ կրնայ ռազմավարութիւնը ծրագրել:

18.- Եթէ զօրավար մը գանգատի իր ջոկատին բարոյական ոգիէն, ժամանակը եկած է նայելու իր ոգիին:

19.- Յարձակումի մը յաջողութեան յարատեւումը կը կայանայ շարժիչ ուժի, թափի, մղումի պահպանումին մէջ:

20.- Պէտք է ունենամ օգնականներ, որոնք իրենց խնդիրները կը լուծեն եւ ետքը ինծի կը զեկուցեն, թէ ի՛նչ ըրին:

21.- Մենք համաշխարհային յեղափոխութեան մէջ ենք եւ ըսել չեմ ուզեր` համայնավարութիւն: Յեղափոխութիւնը, որուն մասին կը խօսիմ, աշխարհատարած, փոքր, աղքատ մարդոցն է: Անոնք սկսած են գիտակցիլ, թէ կեանքին մէջ ինչե՜ր կան, որոնք իրենք չունին:

Հեգնական է, որ քանդուած Եւրոպան վերաշինող երկու հեղինակներէն մէկը, Ճորճ Մարշալի ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնավարութեան ընթացքին, նախագահ Թրուման հրահանգեց հիւլէական ռումբով քանդել 6 օգոստոս 1945-ին` Հիրոշիման, եւ 9 օգոստոս 1945-ին` Նակազաքին, պատճառելով առնուազն 225 հազար զոհ եւ մեծ թիւով հաշմանդամներ:

3 նոյեմբեր 2017

 

(1) ( https://am.usembassy.gov/marshall-alumni/ )
(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/George_Marshall )
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Marshall_Plan )
(4) (https://www.realclearpolitics.com/video/2016/09/26/trump_we_spent_6_trillion_in_the_middle_east_we_could_have_rebuilt_our_country_twice.html )
(5) ( http://www.azquotes.com/author/9510-George_C_Marshall )

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Մարդ Ամէն Ինչ Պիտի Ստանայ Ժամանակին` Ե՛ւ Օրօրոցայինը, Ե՛ւ Առաջին Հեծանիւը…» Մհեր Մկրտչեան

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.