Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Երթի Հանգրուանի Ախոյեան ՀՄԸՄ – Ռիատի 92-84

December 11, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ շաբաթ երեկոյեան բառին իսկական իմաստով ասեղ ձգելիք տեղ չէր մնացած, «Յառաջ նահատակ»-ի աւանդական ինքնաբուխ երգեցողութենէն ժամեր առաջ: Դաշտը ողողած համակիրները եւ պատկերասփիւռէն հետեւողները վայելեցին  պասքեթպոլի շատ գեղեցիկ ու հետաքրքրական մրցում մը եւ ապրեցան արդար հպարտութեան պահեր:

Արդարեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Հիւրընկալութիւնը անշուշտ վերջ գտաւ մրցումի առաջին երկվայրկեաններուն, երբ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ աննման համակիրները «հիւրասէր» մթնոլորտի մէջ չէին այլեւս… Մնացեալը անշուշտ զուտ թեքնիք հարց է. ՀՄԸՄ արժանի յաղթանակ մը տարաւ 92-84 (21-24, 22-14, 32-21, 17-25) արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 29 կէտ, Սեմ Եանկ` 27, Հայկ Կէօքճեան` 17, Մաքրամ պըն Ռամատան` 11: Իսկ Ռիատի Պէյրութէն Քուինսի Տուպի նշանակեց 30 կէտ:

Մրցումի աւարտին, կամաւոր բանակին  երգած «Յառաջ Նահատակ»-ը այլեւս տարբեր շեշտ եւ հնչեղութիւն ունէր: ՀՄԸՄ յաղթած էր իր հիմնական մրցակիցին եւ դարձած երթի ախոյեան` տօնական օրերուն առիթով համակիրներուն պարգեւելով լաւագոյն նուէրը:

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 17:00-ին Ղազիրի դաշտին վրայ Շանվիլ պարտութեան մատնեց Սաժեսը` 75-74 արդիւնքով:

Այսպիսով երթի դասաւորումը ներկայացուց հետեւեալ պատկերը.

1.- ՀՄԸՄ

2.- Շանվիլ

3.- Ռիատի

4.- Սաժես

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Ճատրակ. «Լոնտոն-Չես- Քլասիք»-ը Աւարտեցաւ Հայ Վարպետներու Յաղթանակով

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.