Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Տարածքային Կառավարման Մարմիններուն Նուիրուած Խորհրդաժողոին

December 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 9 դեկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան եւ «Հայաստանի համայնքներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման եւ տարածքային կառավարման մարմիններուն նուիրուած երկօրեայ  խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստին:

Խորհրդաժողովին մասնակցած են մարզպետներ, համայնքապետներ, Կեդրոնական դրամատան, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի, «Քաղաքապետներու դաշնագիր-արեւելք» ծրագիրի, «Քաղաքապետները` յանուն տնտեսական զարգացման», համայնքներու մէջ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ այլ ծրագիրներու  ներկայացուցիչներ:

Օրակարգի շրջագիծին մէջ քննարկուած են Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման եւ տարածքային կառավարման խնդիրները, անդրադարձ կատարուած է մարզերուն եւ համայնքներուն մէջ տնտեսական զարգացմանը միտուած ծրագիրներուն, Հանրապետութեան մէջ իրականացուող վարչատարածքային բարեփոխումներու ընթացքին, համայնքներու խոշորացման հոլովոյթին: Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին ներկայացուցած են համայնքներու զարգացման, ֆինանսական ներգրաւուածութեան, ֆինանսաւորման այլընտրանքային կարելիութիւնները:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան  ներկայացուցած է համայնքներու խորհրդաժողովի արդիւնքները, խօսած է այս բնագաւառի տագնապներուն մասին, որմէ ետք խոշորացուած շարք մը  համայնքներու ղեկավարներ ներկայացուցած են գործունէութեան մէկ տարուան ձեռքբերումները, արձանագրուած յաջողութիւնները, առկայ  խնդիրները եւ առաջարկուող լուծումները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստին  հանդէս եկած է ելոյթով, պատասխանած խորհրդաժողովին  մասնակիցները յուզող հարցումներուն:

Համայնքները Մեր Երկրին Մէջ Կայացած Են, Սակայն Ընելիքներ Դեռ Շատ Կան

Խորհրդաժողովին ընթացքին նախարար Դաւիթ Լոքեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար` ընդգծելով, որ նախագահին հետ ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպում ոգեւորիչ ու պարտաւորեցնող է այս բնագաւառի պատասխանատուներուն համար: «Պէտք է փաստեմ, որ համայնքները մեր երկրին մէջ կայացած են, կայացած են յատկապէս մեր տարածքային կառավարման մարմինները: Այս տարի երկրին մէջ ունեցած ենք համապետական եւ շուրջ 350 համայնքներու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, բայց այս ընտրական հոլովոյթները չեն խանգարած մեր համայնքներու  բնականոն գործունէութիւնը:

Նախարարը իր եզրափակիչ ելոյթին ընթացքին նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցած է այս բնագաւառին առնչուող շարք մը այլ խնդիրներ, նշած անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումները, ինչպէս նաեւ նախատեսուող բարեփոխումներու ծրագիրները:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Համշէնահայ Ամոլը Ազատ Արձակուած Է

Յաջորդը

Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ Եունան Եպիսկոպոսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.