Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Հաղորդագրութիւնը Քաղաքական Որոշ Ուժերու Համար Յաջողութիւն, Իսկ Այլոց Համար Ձախողութիւն Չէ»

December 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը քաղաքական որոշ ուժերու համար յաջողութիւն, իսկ այլոց համար ձախողութիւն չէ, որովհետեւ այդ հաղորդագրութեան շնորհիւ կայ մէկ յաղթական, որ Լիբանանն է:

«Լիբանանը, որ կրցաւ իր ազգային միասնականութեամբ եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր ժողովուրդին զօրակցութեամբ պահպանել իր ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն այս կեցուածքները արտայայտեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆիլիփ Լազարինիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը աւարտած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքները պիտի վերաշխուժանան յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին` ներառելով նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լազարինիին` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան առումով: Ան նշեց, որ Լիբանան կը սպասէ ուրբաթ օրուան Փարիզի հանդիպումին, որ պիտի ըլլայ առիթ մը` Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու,  ընդառաջելու անոր կարիքներուն եւ զօրակցելու անոր կեցուածքներուն:

Իր կարգին, Լազարինի ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը գնահատէ Լիբանանի քաղաքական ու ապահովական կայունութիւնը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զանոնք պահպանելու:

Ան նշեց նաեւ, որ Ապահովութեան խորհուրդը բարձր գնահատած է հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի զօրամասերուն թիւը աւելցնելու Լիբանանի որոշումը:

Լազարինի դրուատեց նաեւ նախագահ Աունի իմաստուն քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ լուծել երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը:

Լազարինի նախագահ Աունին յայտնեց նաեւ, որ Կութիերես Լիբանանի մէջ իր անձնական ներկայացուցիչը նշանակած է Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որ քանի մը օրէն պիտի հասնի Պէյրութ:

 

Նախորդը

«Լիբանան Կարիքը Ունի Նման Նախաձեռնութիւններու, Որոնք Կը Միտին Պահպանել Կենսոլորտը Եւ Ծառայել Ընկերութեան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.