Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թայմ» Պարբերաթերթի Ընթերցողները «Տարուան Մարդ» Ընտրած Են Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը

December 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թայմ» պարբերաթերթի ընթերցողները համացանցի վրայ իրենց կատարած քուէարկութեան ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը ընտրած են «Տարուան մարդ»:

Պըն Սալման իշխանին ի նպաստ քուէարկած է մասնակիցներուն 24 առ հարիւրը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը գլխաւորած է 4 նոյեմբերին ստեղծուած փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը: Յաջորդ օրը ան հրամայած է ձերբակալել իշխող ընտանիքի 11 անդամներ եւ 40-է աւելի յայտնի պետական գործիչներ, ազդեցիկ նախկին պաշտօնատարներ ու գործարարներ` դրամներու լուացման, ծառայողական դիրքը անձնական շահերու համար օգտագործելու, գոյութիւն չունեցող գործարքներ կնքելու եւ կաշառքներ ստանալու մեղադրանքով:

Մեծ տարբերութեամբ երկրորդ դիրքը գրաւած են «Ես նոյնպէս» արշաւին մասնակիցները` քուէներուն 6 առ հարիւրով: Երրորդ դիրքը գրաւած են ամերիկեան ֆութպոլի խաղացող Քոլի Քափերնիք, «Ռուսիոյ գործով» Միացեալ Նահանգներու յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլլըր եւ «Երազողները»` երիտասարդներ, որոնց Միացեալ Նահանգներ բերած են ապօրինաբար երկիր ժամանած ծնողները:

Պարբերաթերթի ընթերցողներու ընտրութիւնը, իբրեւ կանոն, կը տարբերի խմբագրակազմի որոշումէն: Հրատարակութիւնը վարկանիշի յաղթողի եւ «Տարուան մարդը» կոչումին արժանացած անունը պիտի հրապարակէ 6 դեկտեմբերին:

Նախորդը

«Մինսքի Համաձայնագիրները Մեռած Են» Կ՛ըսէ Աւաքով

Յաջորդը

7 Դեկտեմբերին Վիեննայի Մէջ Լաւրով-Թիլըրսըն Հանդիպում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.