Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոքեան Կարեւոր Նկատած Է Համայնքներու Մէջ Ընկերային Ծառայութիւններու Որակեալ Մատուցումը Եւ Մասնագէտներու Վերապատրաստումը

December 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ մասնակցած է «Հասանելի համայնքային ընկերային ծառայութիւններ» միացեալ ծրագիրի մեկնարկին: Եռամեայ ծրագիրը, որ պիտի ներգրաւէ Հայաստանի բոլոր մարզերն ու մայրաքաղաքը, պիտի իրականացուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեամբ` Ուորլտ Վիժըն Հայաստանի եւ Մանկական զարգացման հիմնադրամին կողմէ: Ծրագիրի ընդհանուր պիւտճէն է աւելի քան 1.600.000 ամերիկեան տոլար:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպորա Կրիզըր, Ուորլտ Վիժըն Հայաստանի ծրագիրներու տնօրէն Ժիրայր Էդիլեան, Հայաստանի մարզպետներ, համայնքային ծառայողներ, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացուցիչներ, շահագրգիռ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախարար Դ. Լոքեան ողջունած է ձեռնարկին մասնակիցները եւ նշած, որ անիկա համայնքներուն համար խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր կը լուծէ: «Նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեծ է, քանի որ մեր տեղական ինքնակառավարման մարմինները կը նկատուին այն առաջնային օղակները, որոնք ուղղակի կը յարաբերին մեր բնակչութեան հետ: Բնակչութիւն, որ ունի բազմաթիւ ընկերային խնդիրներ, եւ անոնց  լուծումը մենք կը դիտարկենք ոչ թէ միջնորդաւորուած, ոչ թէ որոշակի հեռաւորութենէ, այլ կ՛ուզենք, որ անիկա լուծուի բուն համայնքին մէջ, համայնքի ուժերով, համայնքի մասնագէտներով»:

Ներկաներուն Դ. Լոքեան տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան համապատասխան ծրագիրով ստեղծուող ընկերային աջակցութեան կեդրոնները կը միաձուլուին համայնքային ընկերային գրասենեակներուն հետ եւ 2019-ին ամբողջական ձեւով պիտի փոխանցուին համայնքներուն: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է  ծրագիրի գործընկերներուն, նաեւ վստահեցուցած է, որ նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցելու ընկերային աշխատողներու վերապատրաստման հարցին:

 

Նախորդը

«Հայկական Սփիւռքի Ճնշումին Տակ Երեւան Կը Շարունակէ Փակ Պահել Թուրքիոյ Հետ Բարեկամութեան Դռները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հետ Քննարկուած Է 2018-ի Պիւտճէի Նախագիծը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.