Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էջեր Հալէպէն…

December 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Յուշ-հանդէս` Հալէպի Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի 70-ամեակին նուիրուած… 1947-ին հիմնուած այս կրթական հաստատութիւնը այս տարի դարձեալ ունեցաւ իր վերածնունդը` թօթափելով աւերի փոշիները, վերստանձնելու համար իր այնքան անփոխարինելի դերը սփիւռքի մեր ազգային իրականութեան մէջ:

Երբ ճեմարանի յուշամատեանի էջերը կը բացուին, անկարելի է չանդրադառնալ վախճանեալ կաթողիկոս Զարեհ Փայասլեանի` այդ օրերու Բերիոյ թեմի առաջնորդին, որ այնքան սերտօրէն կապուած էր ճեմարանին ու եղած էր անխոնջ հոգատար: Անշուշտ անոր կը հետեւին տէր եւ տիկին Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեանները, Արեգ Տիրազան եւ այլ դէմքեր, որոնք անպայման իրենց հետքերը ձգեցին սփիւռքեան մեր կեանքին ընթացքին:

Անշուշտ Թէօլէօլեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակ` Խաչիկը, նոյն ընթացքը շարունակեց ազգային մեր կեանքի հոսանուտին մէջ: Վերջերս իր մէկ նամակին մէջ կ՛ըսէր. «Կը յիշեմ, Պետի՛կ, 1953-ի մարտին, երեկոյ մը, երբ ձեր տունն էի միասին զբաղելու համար, ձայնասփիւռէն լսեցինք Ստալինի մահը … մեր տան մէջ այնքան յիշուած այդ ճիւաղին վերջը…»:

Այո՛, սիրելի՛ ընկերս, չեմ կրնար մոռնալ այդ մարդակերին յառաջացուցած ալիքները մեր տան մէջ, երբ տակաւին 5-6 տարեկան տղայ` հանդիսատես էի յիշողութեան մէջ անջնջելի էջերու եւ զիս հրապուրող մեր տան անակնկալ հիւրերուն` Սօսէ Մայրիկի, Կարօ եւ Լոլա Սասունիներուն, Պանք Օթոմանի հերոս Վարդան Շահպազի, որոնք օրեր ու շաբաթներ կ՛ըլլային իմ մանկական սիրտս այնքան գգուող` առանց գիտակցելու այն հակասութեան, որ կար իմ տղայական  հոգիին եւ իրենց վեհ ու ազգանուէր անցեալին մէջ:

Ստալինի հետքերէն չեմ կրնար մոռնալ այն երեկոն, երբ հայրս մեծ խանդավառութեամբ մտաւ տուն` աւետելով. «… եկան, հասան… բոլորը, ապահով…»: Ո՞վ, ինչո՞ւ ապահով… ի՜նչ մեծ ուրախութիւն, որուն նմանը չէի յիշեր հօրս դէմքին… ու ուշ գիշերին մեր տան հսկայ, սեւ երկաթեայ դռնէն ներս մտան երեք անծանօթ երիտասարդներ` ինծի այնքան տարօրինակ անուններով` Փոլ, Փասկալ, Ժան… որոնք դժուար թէ հայերէն խօսէին, ու տան մէջ տիրեց ֆրանսերէնը` մօրս եւ հօրս հետ իրենց այնքան երկար ու սուր արտայայտութիւններով… Բաւական ուշ էր ու հասկցայ, որ այս տղաքը մեծ խումբի մը բեկորներն էին, ֆրանսահայ երիտասարդներ, որոնք ներգաղթի օրերուն կը հասնին Հայաստան` իրենց կեանքը հոն հիմնաւորելու նպատակով… ու երբ օտար երիտասարդ խմբակը ուշադրութիւնը կը գրաւէ ստալինեան «Չեկա» կոչուած գաղտնի սպասարկութեան, կանաչ տարազներով  շուքերուն նման անոնք կը հետեւին Ժանին եւ Փոլին ու կը համարձակին անոնց  առաջարկել հետեւիլ իրենց ընկերներուն, մտիկ ընել անոնց խօսակցութիւնները ու կանաչներուն իմացնել անոնց ծրագիրներուն մասին… Տղաքը գիտակցելով այդ առաջարկին հետեւանքներուն` կը տեղեկացնեն իրենց ընկերներուն` զգուշացնելով անոնց սպասող վտանգին: 50-52 ֆրանսահայ երիտասարդներն իրենց երազները լքած` կ՛որոշեն լքել հայրենիքը, փախչիլ այդ ճնշիչ մթնոլորտէն եւ իրենց սպառնացող վտանգէն:  Կ՛ուսումնասիրեն ու ձմրան ցուրտ գիշեր մը կը մտնեն Արաքսի հոսանքին մէջ` անցնելու համար Թուրքիա… սահմանապահ խորհրդային ու ապա թուրք կրակոցներուն ընդմէջէն, զոհեր ու վիրաւորներու գնով, սարսափահար, կը հասնին թրքական ափը ու կ՛իյնան թուրքին ճիրաններուն մէջ` ճաշակելու համար ծեծի եւ տանջանքի ամիսներ, մինչեւ կը պարզուի  տղոց անմեղ ուղեւորութեան նպատակը, ու թուրք ոստիկանները կ՛որոշեն զիրենք բերել սուրիական սահման… անօթի-ծարաւ հազիւ կը հասնին սուրիական սահմանամերձ առաջին գիւղը… ու հայերէն խօսակցութիւն մը զիրենք կը հրաւիրէ կրպակ մը. Ճէնապեան այր ու կին Մէյտան Էքպեզ գիւղին մուտքին իրենց կրպակին դռները լայն կը բանան այս խեղճ տղոց առջեւ ու անմիջապէս լուր կը հասցնեն Հալէպի ակումբ, որ երեք հայ երիտասարդներ հասած են գիւղ` առանց որեւէ անցագրի ու ինքնութեան թուղթի… Անմիջապէս պէտք եղածը կը կարգադրուի ու ֆրանսահայ երիտասարդները ապահով կը բերուին Հալէպ ու կ՛իջեւանին մեր տան մէջ, նամակներ կ՛ուղարկուին Երեւան` անոնց ծնողներուն,  ապահովեցնելու համար, թէ` «նուէրները շնորհակալութեամբ ստացուած են»: Քանի մը ամիս Ժանը մեր հիւրն էր, իսկ Փոլը եւ Փասկալը մնացին ֆրանսական լիսէի եւ Ազգային Հայկազեան վարժարանի այնքան յարգուած ուսուցիչ Միհրան Աճեմեանին տունը` մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով: Մինչ այդ, ինչ-ինչ կարգադրութեամբ, այս տղոց անցագիրները ապահովուեցան ու ամիսներ ետք անոնք կրցան վերադառնալ Ֆրանսա:

Այս դրուագ մըն էր այնքան գործունեայ ու յիշատակներով հարուստ Հալէպէն:

Ցտեսութիւն:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Կարեւորենք

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.