ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւոր հարցեր պիտի արծարծէք ձեր սիրած անձերուն հետ: Պիտի ունենաք հաճելի եւ զուարճալի պահեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աւանդութիւնները պահպանելը երիտասարդներուն հաճելի չի թուիր: Անոնք ունին իրենց յատուկ մտածումները եւ կը հետեւին նորաձեւութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ գործէ դադրած էք, պիտի փափաքիք մասնակցիլ խմբային շրջապտոյտի մը, որ լաւ կազմակերպուած ըլլայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ գործ կը փնտռէք, խնամքով ներկայացուցէք ձեր կենսագրութիւնը: Պէտք եղած պարագային, ձեզմէ աւելի փորձառուներուն խորհուրդին դիմեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընթերցանութիւն մը ուղղակի ձեր սրտին պիտի խօսի եւ պիտի արթնցնէ ձեր զգացումները: Հաճելի տրամադրութիւն ունիք այսօր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ներկայ օրերուն տուն գտնելը քիչ մը դժուար է: Այսուհանդերձ, եթէ նոր բնակարան մը կը փնտռէք, այսօր շատ յարմար է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընկերային հանդիպումներ դժուար պիտի ըլլան: Զարգացուէք ձեր անձնական շփումները` օրուան հարցերուն լուծում մը գտնելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ազատ պիտի ըլլաք ձեր նախասիրութիւնները իրագործելու: Գիտցէք այս առիթէն օգտուիլ լաւ ձեւով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք լաւ մարզանք մը կատարել, հեռացէք ապականած մթնոլորտէ, գիտէք մաքուր օդով տեղ մը, հեռու մնացէք ճամբաներէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի փորձէք մօտենալ ընտանիքի այն անդամներուն, որոնց հետ յարաբերութիւնը խզած էիք: Հաշտութիւնը մօտալուտ պիտի ըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սովորական գործունէութիւն մը ձեզի թոյլ պիտի տայ միջոցը` ձերբազատելու պզտիկ մտահոգութիւններէ, որոնք սովորական, բայց մտահոգիչ են:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պատրաստ պիտի ըլլաք կատարելու կարգ մը ծախսեր: Ջանացէք կատարել օգտակար գնումներ` առանց յաւելեալ ծախսերու:
