Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ժապալ Մըհսենի մէջ ձերբակալեց Օ. Ր. անուան սկզբնատառերով քաղաքացի մը, որ նախապէս լիբանանեան բանակի անցարգելներէն մէկուն վրայ ձեռնառումբ նետած էր:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին շեշտեց, որ քաղաքական կայունութիւնը բոլոր ներդրումներուն համար հիւրընկալ միջավայր մը կը նկատուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է իր դրական ներդրումը ունենալու եւ նպաստելու, որպէսզի Լիբանանը կարենայ շրջանցել իր անդորրը եւ ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող ձախող փորձը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկիրը եւ քաղաքացիները պաշտպանող հաստատութիւն է` աւելցնելով, որ պետական հաստատութիւններուն պահպանումը կարեւոր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր հաստատեց, որ ինք իբրեւ երեսփոխան մաս կը կազմէ Մուսթաքպալ հոսանքին, որուն ղեկավարն է վարչապետ Սաատ Հարիրի: «Ես Մուսթաքպալ հոսանքէն չեմ հեռացուած», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան անդորրին վերահաստատումը կարելի է իրականացնել ներքին խորհրդակցութիւններով, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ վերականգնել լիբանանեան քաղաքական համախոհութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ ընդգծեց Լիբանանը չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը գործնականացնելու մեքանիզմ մը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն պատանդ Լիբանանը ազատելու եւ անոր դիրքն ու յարաբերութիւնները վերահաստատելու նպատակով: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադարձած է գերեվարութեան` կորսնցնելով իրեն ընծայուած ոսկեայ առիթ մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ չէզոքութիւն պահպանելու քաղաքականութիւնը միայն Հըզպալլայի զէնք ունենալուն չէ կապուած, այլեւ` այդ զէնքին արտաքին գործածութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերը պիտի յանգին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականի պատճառներուն լուծման:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները ազգային պաշտպանութիւն կարելի է նկատել` ընդէմ շրջանային զարգացումներուն:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու խորհուրդի նախագահ Խալիլ Համտան շեշտեց կառավարութեան աշխատանքները վերսկսելու եւ պետական հաստատութիւնները վերաշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ուղղուին դէպի դրական զարգացում:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի սկսի քաղաքական արշաւի մը, որ կ՛ընդգրկէ խորհրդակցութիւններու շարք մը:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիա ստիպած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացնելու իր հրաժարականը` Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Այսօր Կամ Վաղը Աֆրինի Դէմ Թրքական Զինուորական Գործողութի՞ւն

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.