Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան Հռչակագիրը Ընդունուած Է. Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Հաւատարիմ Մնալ Խաղաղութեան Ամրապնդման Եւ Կայուն Զարգացման Իր Տեսլականին»

November 25, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի մասնակիցները Պրիւքսելի մէջ իրականացուող աշխատանքին լոյսին տակ ընդունած են հռչակագիր:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի` հռչակագիրը կը սահմանէ այն արժէքները, որոնցմով պէտք է առաջնորդուին Եւրոպական Միութիւնն ու Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները յառաջիկայ տարիներուն, կը նախանշէ հետագայ գործակցութեան ուղիները տնտեսութեան, քաղաքականութեան, մարդասիրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Այս անգամ հռչակագիրին մէջ չկայ որեւէ յղում այս կամ այն տագնապին` անուանական:

Ինչ կը վերաբերի տագնապներու լուծման վերաբերեալ ընդհանուր ձեւակերպումներուն, անոնք ամբողջովին կը համընկնին Հայաստանի դիրքորոշումներուն եւ տեսակէտներուն: Տագնապները պէտք է լուծուին միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ` նաեւ հաշուի առնելով գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերն ու հոլովոյթները: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը արտայայտուած է  Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ: Այնտեղ անդրադարձ կայ տագնապի լուծման երեք հիմնական սկզբունքներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին:

Համաձայնագիրը պիտի ունենայ օրէնքի ուժ, քանի որ պիտի վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Ընդունուած հռչակագիրին մէջ յղում կայ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին:

Նախագահի կայքին հաղորդումով` վեհաժողովին ելոյթ ունեցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապին: «Ազրպէյճանի նախագահը հերթական անգամ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին: Որքան ալ Ազրպէյճանը պատեհ կամ անպատեհ կը փորձէ խեղաթիւրել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի եւ անոր խաղաղ լուծման էութիւնը, միեւնոյնն է, տագնապին լուծումը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի 3 սկզբունքներուն վրայ, այն է` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի վրայ, որոնք առաջարկուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի   համանախագահութեան կողմէ:

Միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ արտայայտուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն ընդունած յայտարարութեան մէջ: Այս շրջագիծին մէջ տագնապին լուծումը առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան պարզապէս անկարելի է: Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ իւրաքանչիւր տագնապ առանձնայատուկ է իր բնոյթով, էութեամբ եւ լուծման հիմքերով, եւ այս առումով սխալ են տագնապները մէկ ընդհանրութեան մէջ դիտարկելու փորձերը:

Մէկ նկատառում եւս. ՄԱԿ-ը երբեք բանաձեւ չէ ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ: 1993-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած չորս բանաձեւերը կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հատուածին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելուն, որմէ Ազրպէյճանը հրաժարած է: Եւ հիմա` 25 տարի ետք, խօսիլ այն մասին, որ Հայաստանը իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր, կը կարծեմ` այժմէական չէ:

Լիայոյս եմ, որ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանին մէջ առկայ  տագնապներու լուծումը թոյլ կու տայ ունենալ աւելի խաղաղ եւ  բարեկեցիկ Եւրոպա: Հայաստանը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան ամրապնդման եւ կայուն զարգացման իր տեսլականին»,  ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

Նախորդը

«Բերքառատ Արցախ» Կարգախօսով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի «Թելեթոն 2017»-ին Հանգանակուեցաւ 12.505.456 Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

Պատմական Իրադարձութիւն.. Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Համագործակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.