Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Պահպանումն Է»

November 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի կայունութեան պահպանումն է», երէկ յայտարարեց վարչապետ Սաատ Հարիրի` ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով այս հանգրուանին իրեն զօրակցած բարեկամներուն եւ համակիրներուն:

Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, արաբական դրամատուներու տարեկան համագումարի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերահաստատեց Լիբանանը արտաքին հակամարտութիւններէն հեռու պահելու հրամայականը: Ան ըսաւ. «Կ՛աշխատինք հաստատել Լիբանանի չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ զարկ տալ երկրի բարգաւաճման ծրագիրներուն»:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ` յայտնելով, որ «ապագան բազմաթիւ բարիքներ պիտի բերէ Լիբանանին»: Ան մաղթեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ժողովներուն ծիրին մէջ:

Ֆրանսայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններուն Հետ

Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ անջատաբար ընդունեց Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, որոնք վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի յարաբերութեանց սերտացման:

Նաեւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հետ

Երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Խորհրդակցութիւնները, որոնց ներկայ էր նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, կեդրոնացան տեղական ու շրջանային վերջին իրադարձութեանց վրայ: Աւարտին երեսփոխան Ժոմպլաթ ողջունեց Հարիրիի կեցուածքը` յայտնելով, որ Լիբանան եւ վարչապետ Հարիրի արտակարգ պայմաններու մէջ գտնուեցան, եւ մաղթեց, որ Հարիրիի հրաժարականը պաշտօնապէս ներկայացնելու իմաստով համբերելու առիթը երկար չտեւէ: «Պէտք է կառչինք նախապէս գոյացած համաձայնութեան», ընդգծեց Ժոմպլաթ` դիտել տալով, որ «երկիրը պէտք ունի վարչապետ Սաատին»:

Նախորդը

Դրական Արձագանգներ Երկրի Ներքին Ճակատին ՎրԴրական Արձագանգներ Երկրի Ներքին Ճակատին Վրայայ

Յաջորդը

Հռոմի Պապը Ընդունեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.