Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՖԱ-ի Լիբանանահայ Միջազգային Նախկին Իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեան Վերադարձաւ Երեւանէն

November 22, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի «Առաջին Ալիք» պատկերասփիւռի կայանին յատուկ հրաւէրով, նախորդ շաբաթ Երեւան կը գտնուէր լիբանանահայ ֆութպոլի ՖԻՖԱ-ի միջազգային նախկին իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեան:

Իր այս այցելութեան ընթացքին Տեմիրճեան ունեցաւ յատուկ հանդիպումներ հայկական ֆութպոլի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ հայրենի լրատուամիջոցներու հետ: Հարցազրոյցներուն ընթացքին ան անդրադարձաւ այս մարզը յուզող բազմաթիւ հարցերու, հայկական ֆութպոլի ներկայ իրավիճակին մասին տեղեկութիւններ ստացաւ, ինչպէս նաեւ գնահատեց այս մարզին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած ֆութպոլի պատասխանատուները` անոնց մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն:

Այս այցելութիւնը հայրենի մարզաշխարհին եկաւ յաւելեալ փայլք մը տալու` նկատի ունենալով, որ հայրենաբնակ հայորդիները աւելի ծանօթացան իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանին, մանաւանդ որ ան իր անունը արձանագրած է «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Ան շուրջ 21 տարի (20 տարի եւ 10 ամիս) ՖԻՖԱ-ի տոմարներուն վրայ ամէնէն շատ մրցումներ սուլած իրաւարարն է (սեպտեմբեր 1962-էն յուլիս 1983):

Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ոեւէ իրաւարար դժուար թէ կարենայ Սարգիս Տեմիրճեանի հաստատած մրցանիշը բարելաւել:

1932-ին Պէյրութի մէջ ծնած Սարգիս Տեմիրճեան, որ ֆութպոլի իրաւարարի իր առաջին վկայականը ստացած է 1958-ին, չորս տարի ետք` 1962-ին, անունը արձանագրուած է ՖԻՖԱ-ի տոմարներուն վրայ, բնականաբար շնորհիւ անոր անաչառ որոշումներուն:

Ներկայ սերունդին համար շատ հաւանաբար Սարգիս Տեմիրճեանի անունը գրեթէ անծանօթ է: Սակայն ան Լիբանանի եւ համայն հայութեան պատիւ բերած եւ իբրեւ պարկեշտ իրաւարար միշտ ալ փնտռուած եղած է բոլորին կողմէ:

 

 

Նախորդը

Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Մրցումները Տեղի Ունեցան Բաւական Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Յաջորդը

Խանդավառութեան Եւ Իրագործման Մրցաշարք Մը` Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.