Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսի Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

November 20, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսին բացումը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը:

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով` դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր վեհափառ հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ծաղկեցուց հանդիսութիւնը փունջ մը ազգային ու կրօնական երգերով:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկաները բացուած յայտարարեց Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայ գիրքին ձօնած «Լո՜յս տեսաւ…» բանաստեղծութիւնը ընթերցեցին երիտասարդ միաբաններէն Վաչէ վրդ. Պալըքճեան եւ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան: Քերթուածը ո՛չ միայն վեհափառ հայրապետին ներքին ապրումներուն ու հայ գիրքին հանդէպ ունեցած սիրոյ ու գուրգուրանքին արտացոլումն էր, այլ նաեւ մեր սփիւռքեան իրականութեան դրսեւորումը: Բանաստեղծական ոճով պարուրած իր տողերով, վեհափառ հայրապետը իրապաշտ կերպով կը բնութագրէ հայ գիրքին ապրած անցեալն ու ներկան: «Լո՜յս տեսաւ®»-ով կը շեշտուի գիրքին եւ մանաւանդ հայ գիրքին լուսաւորման աղբիւր ըլլալը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 դեկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 7:00:

Նախորդը

Տարի Մը Առանց Արայի *

Յաջորդը

Թեհրան, Մոսկուա Եւ Անգարա Պատրաստ Են Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Հաստատման Համար Ենթահող Ապահովելու

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.