Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Հոլանտայի Ծերակոյտի Նախագահը

November 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 նոյեմբերին ընդունած է Հոլանտայի Ծերակոյտի նախագահ Անկի Պրուքերս-Քնոլին:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է  հայ-հոլանտական բարեկամութիւնն ու աշխուժ կերպով զարգացող միջպետական յարաբերութիւնները, ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերով առաւելագոյնս ամրապնդելու Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը: Նախագահը շատ կարեւոր նկատած է նաեւ համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ:

Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական նկատած է երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին զուգադիպող այս այցելութիւնը:

Ան նշած է, որ Հոլանտան` ըլլալով Եւրոպական խորհուրդի հիմնադիր անդամ, իր զարգացած տնտեսութեամբ, արհեստագիտական նորարարութիւններու բնագաւառին մէջ ունեցած յառաջատար դերով, հասարակական զարգացումներով, լաւ օրինակ է Հայաստանի համար:

Նախագահն ու Ծերակոյտի նախագահը իրենց զրոյցին ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի մէջ,  յատկապէս սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, պետական կառավարման նոր համակարգի անցնելու նպատակով իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներուն եւ օրէնսդրութեան համապատասխանեցման նոր իրողութիւններուն ու պահանջներուն: Նախագահ Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու բարեփոխումները, որոնք կը կատարուին միջազգային գործընկերներուն եւ բարեկամ երկիրներուն աջակցութեամբ:

Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան, այդ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Կ՛ուղղէ Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Շուրջ Երկխօսութեան Սկսելու Հայաստանի Հետ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Սանճաք Քեմփի Նախկին Բնակիչներուն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.