Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կրցաւ Հակակշռել Քաղաքական Ցնցումը, Իսկ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Միջազգային Ամպիոններէն Չբացակայեցաւ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

November 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ ներկայութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի, «Էմ. Եու. Պի. Էս.» արդի համալսարանի վարչութիւնը երէկ կազմակերպեց «Զբօսաշրջութեան միջազգային տնօրինումը» խորագիրը կրող խորհրդաժողով մը` համալսարանին Ժալ Էլ Տիպի կեդրոնին մէջ:

Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ ողջունեց համալսարանին կրթական եւ ակադեմական գործունէութիւնը` յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով անոր:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն ունենալիք հաւանական հետեւանքներուն, Լիբանան իր փորձառութեամբ եւ հանրապետութեան նախագահին խոհեմ կեցուածքով կրցած է հակակշռել քաղաքական ցնցումը եւ կը փորձէ շրջանցել տիրող կացութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը իր աշխատանքները սովորական թափով եւ ընթացքով կը շարունակէ` գործադրելով իր ռազմավարութիւնը:

«Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը միջազգային ամպիոններէն չբացակայեցաւ: Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք 5-7 նոյեմբերին զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Լոնտոնի մէջ էր, 12 եւ 13 նոյեմբերին` Յորդանանի մէջ, իսկ 29 նոյեմբերին պիտի գտնուի Սպանիոյ մէջ` մասնակցելու համար զբօսաշրջութեան վերաբերող խորհրդաժողովներու եւ լսարաններու, ուր պիտի կատարէ Լիբանանի քարոզչութիւնը` իբրեւ զբօսաշրջական երկիր», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:

Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ կրթական համալիրներն ու համալսարանները պէտք է երիտասարդ մարդուժ պատրաստեն` զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու համար: Ան մաղթեց, որ արտերկրի մէջ զբօսաշրջութեան մարզի շրջագիծին մէջ գործող լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան եւ գործեն իրենց երկրին զբօսաշրջական հաստատութիւններուն մէջ:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ միայն լաւատեսութեամբ եւ ժպիտով կարելի է յաղթահարել Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:

 

 

Նախորդը

լիբանանեան կարճ լուրեր

Յաջորդը

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին» Շեշտեց Մաշնուք

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.