Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմաթիւ Հրաւիրեալներու Մասնակցութեամբ. Էներժի Ակումբը Կատարեց Տարեկան Իր Առաջին Ընթրիքի Երեկոն

November 16, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զուքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Էներժի ակումբը կատարեց տարեկան իր առաջին ընթրիքի երեկոն` բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական պատասխանատուներու ներկայութեան:

Անոր ներկայ գտնուեցան Զուքի քաղաքապետ Էլի Պաայնօ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ ֆետերասիոնին այլ անդամները, հոգեւորականներ եւ մարզական պատասխանատուներ, տարբեր քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Շարպել Ռըզք խօսք առնելով ըսաւ. «Կը շնորհաւորենք Էներժի ակումբի նախագահ եւ հիմնադիր Ղազի Պուսթանին` իր կատարած այս կարեւոր իրագործումին համար, որ կը փորձէ համախմբել երիտասարդ սերունդին ներկայացուցիչները եւ անոնց մօտ զարգացնել զանազան մարզաձեւերը, ինչ տեսակի ալ ըլլան անոնք:

«Ակումբը իր հիմնադրութենէն ի վեր յաջողեցաւ մեծ յառաջխաղացք արձանագրել լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ` տարբեր դիտանկիւններէ դիտած, եւ անշուշտ ունեցաւ իր տարբեր տեսակի խումբերը:

«Յաջողութիւն կը մաղթենք Պուսթանիին եւ անոր ակումբին»:

Այնուհետեւ Պուսթանի ելոյթ ունենալով ըսաւ.

«Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով մեր հրաւէրին, մեզի հետ ըլլալով, յաւելեալ փայլք տուին այս երեկոյին: Ունինք աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի մեր խումբը, տղոց Դ. դասակարգի պասքեթպոլի մեր խումբը եւ քանի մը դասակարգային պասքեթպոլի խումբեր:

«Շնորհակալութիւն մարզական լրագրողներուն, որոնք միշտ կ՛ընկերակցին մեզի եւ անշուշտ բոլոր մարզական իրադարձութիւններուն: Յոյսով ենք, որ մեր ունեցած խումբերուն զուգահեռ, կը տիրանանք նաեւ տիտղոսներու ալ»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Զուքի քաղաքապետը, որ ըսաւ.

«Այսօր մեր շրջանը աւելի ծաղկած է` շնորհիւ Էներժի ակումբին: Յոյսով ենք, որ անիկա տարբեր տեսակի նուաճումներու պիտի հասնի մօտիկ ապագային եւ յաջողի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին»:

 

Նախորդը

Ֆութպոլ. Ասիա-2019-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Այլ Յաղթանակով Մը Կը Վերադառնայ Հոնկ Քոնկէն

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

RelatedPosts

Նշմար.  Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ
Մարզական

Նշմար. Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ

November 6, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը

November 6, 2026
Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.