Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Պահանջով. Կիրակի Օր Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

November 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ արեւմուտքցի դիւանագէտներու, արաբ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ պահանջով պիտի գումարեն արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար «արաբական երկիրներուն մէջ Իրանի ոտնձգութիւնները»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան, լիկայի անդամ երկիրներուն յղած շրջաբերականին մէջ որոշուած է «կիրակի օր նախարարական մակարդակով Արաբական լիկայի խորհուրդի արտակարգ ժողով գումարել»:

Պահրէյնն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները համաձայն գտնուած են Սէուտական Արաբիոյ պահանջին, եւ այդ առնչութեամբ խորհրդակցութիւն կատարուած է լիկայի ներկայ նստաշրջանի նախագահ Ճիպութիի հետ:

Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած ոչ հաստատ տեղեկութեանց, Սէուտական Արաբիան Արաբական լիկայէն պահանջած է սառեցնել Լիբանանի` լիկային անդամակցութիւնը:

Ըստ մամլոյ աղբիւրներուն, Եգիպտոս մերժած է այդպիսի որեւէ քայլ, մասնաւորաբար Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցման լոյսին տակ: Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն, այդպիսի քայլ մը առաւել եւս պիտի տկարացնէ Արաբական լիկան:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ շարք մը արաբական երկիրներ, մասնաւորաբար Իրաքն ու Քաթարը կը մերժեն սէուտական քայլը:

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ ձեռնարկեց արաբական շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Յորդանանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը, Քուէյթը, Պահրէյնը, Օմանը, Սէուտական Արաբիան` այլ հարցերու կողքին քննարկելու համար վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք Լիբանանի կացութիւնը:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին յայտնեց, որ Արաբական լիկան ունի «առիթ մը ինքզինք «Արաբական գարնան» ընթացքին իր անցեալէն փրկելու եւ Լիբանանը պահպանելու համար»:

Նախորդը

Քրեմլին. «Սուրիոյ Վերաբերեալ Փութինի Եւ Թրամփի Միացեալ Հաղորդագրութեան Երկակի Բացատրութիւնը Անպատշաճ Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.