Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ օգնական իրաւարարներու յատուկ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըպպայէ):
Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ առ ի պատրաստութիւն թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը կարիքը ունի օգնական իրաւարարներու:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն դասընթացքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղի հետ (04-444730) եւ արձանագրել իրենց անունները:


