Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ արտերկրէն վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած հրաժարականը ամէն իմաստով հարցականներ ստեղծած է` աւելցնելով, որ պլոքը կը զօրակցի հրաժարականին նկատմամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ցուցաբերած մօտեցումին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց պլոքի նիստին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը եւ կոչ ուղղուեցաւ բոլոր լիբանանցիներուն կեցուածքներ յայտարարելու առումով զգուշ ըլլալու` դիւրացնելու համար հրաժարականին պատճառներուն բացայայտումը:
«Սէուտական վարչակարգէն կը պահանջենք, որ իր դիմագրաւած տագնապէն զերծ կացուցէ Լիբանանը եւ վերջ տայ շրջանային երկիրներուն դէմ իր գործած բռնարարքներուն», ըսաւ Ֆատլալլա:


