Ջուր Կը Ծեծեն
Այսօրուան մեր ծաղրանկարը բացատրութեան չի կարօտիր թէեւ, բայց դարձեալ փորձութիւնը կ՛ունենանք մանրամասնելու:
Անցեալ մայիսի վերջերը Ապահովութեան խորհուրդը գումարուեցաւ, երբ պատերազմի վտանգը ակներեւ դարձած էր արդէն, բայց ժողովականները բաժնուեցան` առանց դրական արդիւնքի:
Յունիս 5-ի առաւօտուն Իսրայէլ յարձակեցաւ արաբական երկիրներուն վրայ ու Ապահովութեան խորհուրդը դարձեալ գործի լծուեցաւ: Շնորհիւ ռուսեւամերիկեան լռելեայն համաձայնութեան մը` ժողովը զինադուլ հրահանգեց, եւ կողմերը ընդունեցին:
Ու հոն կանգ առաւ ամէն բան:
Անցած է աւելի քան հինգ ամիս, ու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան երկու գլխաւոր ժողովները` ընդհանուր ժողով եւ Ապահովութեան խորհուրդ, թենիսի գնդակի պէս իրարու կը նետեն «Միջին Արեւելքի տագնապ» անունով ծանօթ խնդիրը, առանց կարենալ դուրս գալու անելէն, որ ստեղծուեցաւ մեծերու զանազան հաշիւներու պատճառով:
Որո՞ւ հոգը, թէ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, տեղահան` իրենց հայրենիքէն, սարսափով կը սպասեն ձմեռնային մօտալուտ եղանակին:
Որո՞ւ հոգը, եթէ ամէն օր ընդհարումներ տեղի կ՛ունենան, եւ նոր բռնկումի մը սպառնալիքը դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնայ այս շրջանին վերեւ:
Դիւանագիտական մարզանքները ամէն բանէ վեր կը նկատուին, եւ զանազան խոստովանելի եւ անխոստովանելի շահեր ծանր կը կշռեն:
Այս պայմաններուն մէջ որքա՞ն իրապաշտ են Ֆրանսայի արտաքին նախարարին դիտողութիւնները, երբ ան սանդի մէջ ջուր ծեծելու պէս բան մը կը նկատէ Միացեալ ազգերու վիճաբանութիւնները եւ տագնապին լուծման նախապայման կ՛ընդունի Մեծերու համաձայնութիւնը, որ… կախում ունի Վիեթնամի պատերազմին ելքէն:
Յայտնապէս մեր մոլորակը այնքան փոքրացած է, որ ոչ մէկ խնդիր կրնայ կարգադրուիլ` առանց անդրադարձները նկատի ունենալու:
Մինչ այդ գաղթականները կրնան սպասել:
Իսկ եթէ չեն ուզեր, իրենք գիտեն:
Խնդրին պարզը:
X
Նժարէ-Նժար
Գայլերգ…
Մեր թերթերէն մէկը` «Ալիք», Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յիսնամեակին անդրադարձող իր մէկ խմբագրականին մէջ կատարած է «Փրաւտա»-յի 24 սեպտեմբերի թիւերէն հետեւեալ քաղուածքը:
«Սովետական մարդը պատկանում է մի մեծ եւ ներդաշնակ ընտանիքի: Նա պատրաստ է օգնելու իր ընկերներին:
«Բոլորը մէկի համար եւ մէկը` բոլորի համար, մինչդեռ դրամատիրական աշխարհում մարդը գայլ է մարդու համար»:
Առաջ քիչ մը աւելի կոյր էին, քիչ մը աւելի բութ ու բթացուած էին եւ նման խաբեբայութիւնները աշխարհ ներելի կը գտնէր: Բայց համայնավար 20 եւ 22-րդ համագումարներու առարկայական մերկացումներէն ետք, անցնող տասնամեակին հազա՛ր ձեւերով հանրութեան ներկայացուած ջամբարային ու քաղաքային սահմռկեցուցիչ պայմաններէն ետք, բաւական համարձակութիւն կ՛ենթադրէ բաղդատական այս յանդուգն լրբութիւնը:
Աշխարհի ո՛չ մէկ մասին մէջ, ո՛չ մէկ ատեն, ընկերային ո՛չ մէկ կարգուսարքի օրօք մարդը մարդուն դէմ այնքան չէ՜ գայլացած, որքան գայլացաւ ու գազազեցաւ համայնավար վարչակարգին տակ, ամբողջ յիսուն տարի, ախորժակի պարբերական մակընթացութեամբ եւ տեղատուութեամբ:
«Հայրենիքի թշնամի՜», «ժողովուրդի թշնամի՜», «հակայեղափոխակա՜ն», «անգլօ-ամերիկեան լագէ՜», ու չես գիտեր տակաւին զարհուրելի ի՛նչ պատրուակներով միլիոններ բնաջնջելէ ետք, համայնավար գայլերը այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծեցին հսկայածաւալ երկրամասին վրայ, ուր մարդիկ ապրեցան ո՛չ թէ «ներդաշնակ ընտանիք» մը իբրեւ, այլ ապրեցան ընտանի ամէն բան մոռցած, կասկածով, վերապահութեամբ, քսութեամբ, մատնութեամբ, իրարու աչքին ուղիղ չկարենայ նայելու աննախընթաց ու ահաւոր մթնոլորտի մը մէջ, ուր չէր
… վստահում ընկերն ընկերոջ,
Հայրը` զաւակին, ու այրն` իր կնոջ:
Յանգի ու չափի մէջ առնուած այս փորձառութիւնը դրամատիրական երկիրներուն մէջ ապրուած չէ, ապրուած է հոն, ուր բոլորը, իբր թէ, մէկուն համար ու մէկը` բոլորին համար կը շնչեն:
Մենք ցաւով կը նշենք, որ այդպէս էր, քիչ տարբերութեամբ այդպէս է եւ այսօր, ու անձկութեամբ կը սպասենք, որ կեանքը փոխուի հոն, կեանքը ստանայ իր լիակատար արժէքը, գայլ չմնայ ախորժակները չքանան իսպառ, որովհետեւ իրենց գայլերգէն ետք ունինք մե՛ր երգը, որ նոյնն է միշտ. հայրենիք մը ունինք հոն ու ժողովուրդ մը, որոնք կուշտ են գայլերէն եւ լիաթոք շնչելու կարօտը ունին…
XX
