«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Շարլոթ Հոռնեթցի մարզիկ Տուայթ Հաուըրտ Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 25 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, նկատի ունենալով, որ ան Մինեսոթա Վուլվզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին մրցակիցին համակիրներէն մէկուն նկատմամբ վիրաւորական արարք մը կատարեց:


