Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ կառավարութիւնը տակաւին կը գործէ` աւելցնելով, որ սահմանադրական կարգով հրաժարական չէ ներկայացուած:
«Մենք կը սպասենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ այնմ որոշում տալ», ըսաւ Պըրրի:
Ան աւելցուց, որ լիբանանցիները իրենց սպառնացող բոլոր տագնապները դիմագրաւած են` ազգային միասնականութեամբ զինուելով: «Այսօր աւելի քան երբեք ստիպուած ենք ամրապնդել մեր ազգային միասնականութիւնը: Իսկ կառավարութիւնը առկայ է եւ կը գործէ, որովհետեւ նման ձեւի հրաժարելու եղանակը պաշտօնական հրաժարականի համազօր չէ», ընդգծեց Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ անոնք կառավարութեան նիստերու կարիք չունին:
Պըրրի նշեց, որ հրաժարականը օրինական չէ եւ տակաւին չէ ընդունուած, «հետեւաբար երկրին մէջ կառավարութիւն կայ, որուն նախարարները կատարեալ օրինականութեամբ եւ իրաւասութիւններով կը գործեն», աւելցուց ան:
Պըրրի նշեց, թէ Լիբանանի մէջ նախընթաց մը ստեղծուած է` նկատի ունենալով, որ ցարդ չէ պատահած, որ մէկը երկրին սահմաններէն հեռու հրաժարական ներկայացնէ:
Ան մերժեց անդրադառնալ Սէուտական Արաբիոյ իրադարձութիւններուն եւ ըսաւ. «Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները ներքին սէուտական հարցեր են, որոնք մեզի չեն հետաքրքրեր: Մեզի հետաքրքրողը մեր վարչապետին վերադարձն է», հաստատեց Պըրրի:
Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ այժմ առաջնահերթութիւն է պահպանել Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը:


