«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք մրցումներ:
Աթլանթայի մէջ, Հոքս, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, 110-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 35 կէտ:
Պրուքլինի մէջ, Ֆէոնիքս հիւրը եղաւ Նեթցին եւ 98-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Տանճելօ Ռասըլ (Նեթցէն) նշանակեց 23 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Կոլտըն Սթէյթի մէջ Ուորիըրզ յաղթեց Մայեմի Հիթին` 97-80 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 21 կէտ:
Ցարդ ամէնէն շատ պարտութիւնը կրած է Տալաս Մավըրիքս (10) եւ արձանագրած միայն մէկ յաղթանակ: Լաւագոյն խումբը կը հանդիսանայ Պոսթըն Սելթիքս, որ արձանագրած է ամէնէն շատ յաղթանակը (9) եւ կրած ամէնէն քիչ պարտութիւնը (2):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մավըրիքս
Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց
Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի


