Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ իրենք կը հետեւին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ունեցած հանդիպումներուն եւ պիտի սպասեն անոր վերադարձին:
Պլոքը մաղթեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գայ, եւ որոշեց իր նիստերը բաց ձգել:


