Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱն բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի երկու պատասխանատուներ, իսկ Քաայի բարձունքներուն վրայ բացայայտած է ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոց:

ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի, անդրադառնալով Սաատ Հարիրիի հրաժարականին, յայտնեց, որ Լիբանանի նախորդ փորձառութիւնները պիտի օժանդակեն փրկելու անոր կայունութիւնը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ ստորագրուելիք զինուորական ու ապահովական գործակցութեան համաձայնագիրներուն վերաբերող հարցեր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլիի եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ: Քննարկուեցան Հարիրիի հրաժարականին հետեւանքներն ու ստեղծուած քաղաքական տագնապը լուծելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ չորս դատաւորներ նշանակելու հեռանկարները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհաուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆիլիփ Լազարինին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ պէտք է սպասել Սաատ Հարիրիի վերադարձին` իմանալու համար անոր հրաժարականին պատճառները:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն կը պահանջեն ուղղակի միջամտել` իմանալու համար Հարիրիի հրաժարականին պատճառը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը տուեալ տագնապին հետ կը վարուին իբրեւ իսկական տագնապ, որուն պէտք է դիմադրել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ հաստատեց, որ Հըզպալլան կարելի չէ քաղաքական տարազէն ջնջել, որովհետեւ անիկա երկիրը բաղկացնող քաղաքական հիմնական ուժերէն մէկն է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ շրջանին մէջ պատերազմի փողեր կը հնչեն, «իսկ կարեւորը այն է, որ Լիբանանի մէջ պատերազմ չբռնկի», աւելցուց ան:

ԺՏԱՅՏԵԹ Եապուսի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-սուրիական ապահովական հանդիպումին նպատակն է երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններուն լաւ հսկողութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան պիտի չվերադառնայ, որպէսզի կառավարութեան ճակատագիրը անորոշութեան ենթարկուած մնայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը մաս կը կազմէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ Միացեալ Նահանգներու մղած պատերազմին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային բնոյթ ունեցող կառավարութիւն մը, որուն լիբանանեան քաղաքական ուժերը մաս չեն կազմեր:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի բախումի մտահոգութիւնները սկսած են տիրական դառնալ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Լիբանան ապահովական եւ տնտեսական վտանգներ պիտի չդիմագրաւէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախարարական աղբիւրներ շեշտած են, թէ նախարարութիւնները կը գործեն հիմնուելով սահմանադրութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Տեղեկատուական Է Եւ Ոչ Սահմանադրական. Զայն Կարելի Է Ձայնային Ռումբ Մը Նկատել»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.