Ողիմպիականի ախոյեան, գեղարուեստական մարմնամարզութեան Ռուսիոյ հաւաքականի յառաջատարներէն Մարկարիթա Մամուն աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն ախոյեան հռչակուելէ ետք, 22 տարեկան Մամուն ուզեց քիչ մը հանգստանալ, մինչ նախորդ սեպտեմբերին յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան:
Անոր արհեստավարժ ասպարէզին աւարտին մասին յայտարարեց Ռուսիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Իրինա Վիներ-Ուսմանովա:
Նշենք նաեւ, որ Մարկարիթա Մամուն աշխարհի եօթակի ախոյեան է, իսկ Եւրոպայի ախոյեանութեան քառակի յաղթական:


