Իրանեան «Քէյհան» օրաթերթը կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները շատ մտահոգ են Ռիատի միջազգային օդակայանին վերեւ հեռահար թեւաւոր հրթիռի մը պայթումէն:
Օրաթերթը նաեւ կը գրէ. «Տուպայի եւ Ապու Տապիի շէյխերը եւս մտահոգուած են այս զարգացումով, որովհետեւ կը գիտակցին, թէ հուսիներու ղեկավար Ապտելմալեք Հուսիի սպառնալիքները շատ վտանգաւոր են, մանաւանդ որ այդ խմբաւորումը այդպիսի բազմաթիւ հրթիռներ ունի»:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պէտք է գիտնան, որ Եմէնի բռնաբարման գինը վճարելու կարգը իրենցն է», կը գրէ իրանեան օրաթերթը:
Նշենք, որ Իրանի մամլոյ հսկողութեան մարմինը երէկ իր գումարած նիստին ընթացքին վերոնշեալ յօդուածը հրապարակելուն համար զգուշացում մը յղեց «Քէյհան»-ին:


