Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ԵՏՔ ԱՒԵԼԻ ՑԱԾ ՊԱՇՏՕՆ ՊԻՏԻ ՉՍՏԱՆԱՄ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

November 3, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յովիկ Աբրահամեան

Մեկնաբանելով իր հրաժարականին վերաբերող լուրերը` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեան «Արմնիուզ»ին յայտնեց, որ իր հրաժարականը ներկայացնելով ինք ապացուցեց իր նուիրուածութիւնը երկրի նախագահին:

Ան նշեց, որ օրէնսդրութիւնը չէր արգիլեր պահել Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը` միաժամանակ կատարելով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւի ղեկավարի գործառոյթները:

«Բայց ես նպատակայարմար կը տեսնեմ, որ անթերի աշխատանքները կազմակերպելու համար պէտք է այդպէս վարուինք: Ես չուզեցի, որ ատիկա նաեւ քննարկման առարկայ դառնայ, թէ Ազգային ժողովի նախագահը, ըլլալով կուսակցութեան գործադիրի անդամ, ղեկավարէ նաեւ նախընտրական արշաւը: Այդ քայլով ես իմ նուիրուածութիւնս ապացուցեցի երկրի նախագահին, Հանրապետական կուսակցութեան: Ապացուցեցի, որ պաշտօնը չէ, որ զիս կը պահէ կուսակցութեան անդամ: Ես աւելի կը նախըտրեմ նախընտրական արշաւի ղեկավար դառնալ եւ յաջողութիւններ ունենալ, քան թէ Ազգային ժողովի նախագահ ըլլալ: Օրինակ ծառայեցի շատերուն համար, որ կարելի չէ կուսակցութեան նուիրուիլ միայն պաշտօն վարելու համար», ընդգծեց Յովիկ Աբրահամեան:

Ան յայտնեց, որ բոլորովին վերջերս ընդունուած է Ընտրական օրէնսգիրքը եւ խնդիր դրուած է պատշաճ կազմակերպել եւ կայացնել ընտրութիւնները:  Ան աւելցուց, որ վատ չէ, եթէ 5-6 ամիս Ազգային ժողովը ուրիշ ղեկավար ունենայ: Ըստ անոր, պէտք չէ խորքային պատճառներ փնտռել վերջին իրադարձութիւններուն մէջ:

«Կարեւոր է մեր կուսակցութեան ապագան, ուր ես կը տեսնեմ նաեւ իմ ապագաս», յայտարարեց ան:

Յովիկ Աբրահամեան նշեց նաեւ, որ ինք Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւը ղեկավարած է թէ՛ 2007-ի խորհրդարանական, թէ 2008-ի նախագահական ընտրութիւններու շրջանին:

Յովիկ Աբրահամեան իր հրաժարումէն ետք պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը խորհրդարանին մէջ:

Ան չբացառեց, որ ընտրութիւններէն ետք կրնայ վարչապետի պաշտօնը ստանձնել, քանի որ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ բացառուած է: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը մտածէր, որ ինք հրաժարական կու տայ` աւելցնելով, որ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ այսպիսի քննարկում չէ եղած:

Միւս կողմէ, երէկ աւելի կանուխ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք ինք աւելի ցած պաշտօն պիտի չստանձնէ:  «Պարզ չէ, չէ՞, որ  Յովիկ Աբրահամեան աւելի ցած պաշտօն պիտի չստանար: Եւ ես կը հաւատամ, որ իմ որոշումս ճիշդ էր», նշեց ան:

Նախորդը

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ՈՒԺԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱՒԻԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.