Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան ստուերի նախագահ չէ: «Հանրապետութեան նախագահը` զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ է, իսկ ես պարզապէս Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարն եմ», ըսաւ ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանն ու շրջանը սպառնալիքի տակ կը գտնուին, այնքան ատեն որ Իսրայէլ բռնագրաւուած կը պահէ Պաղեստինը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են, որ հակառակորդ ուժերուն հետ իրենց պայքարը մնայ քաղաքական իր ձեւին մէջ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան շեշտեց, որ ոչ մէկ արգելք կրնայ խոչընդոտել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, թէ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի նկատմամբ   որդեգրած է նոր ռազմավարութիւն մը, որ կ՛արգիլէ լիբանանեան ներքին հարցերուն Իրանի միջամտութիւնները:

ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան խորհուրդը 29 նոյեմբեր 2017-ին պիտի քննարկէ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին պէտք է սկսիլ, որովհետեւ այդ կարելի չէ սպասել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին նեցուկ կանգնելու:

ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ Լիբանանի նոր դեսպան Սաատ Զախիա Դամասկոսէն ըսաւ. «Մենք հոս ենք ծառայելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերուն»: Ան աւելցուց, որ ինք տակաւին  պաշտօնապէս չէ ստանձնած դեսպանի իր պաշտօնը, եւ մօտիկ ապագային իր լիազօրագիրն ու հաւատարմագիրը պիտի յանձնէ նախագահ Պաշշար Ասատին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ նոր վարչակազմին իրագործումներէն առաջինը համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ ոեւէ քաղաքական ուժ չի կրնար ճշդել այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կրնան խոչընդոտներու ենթարկել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով հիմնական խոչընդոտը ՄԱԿ-ն է: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասին խօսելով` Եաագուպ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Մոսկուա կը զօրակցի Դիմադրութեան առանցքին, որովհետեւ անոնց միացեալ նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաստատած է, որ ոչ մէկ առիթ կամ միջոց կայ Հըզպալլայի նախարարները կառավարութենէն դուրս շպրտելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի Պաապտա այցելութիւնը մօտալուտ է:

 

Նախորդը

Սպանական Դատարանը Կը Հրամայէ Կալանաւորել Քաթալոնիոյ 8 Նախարարներ

Յաջորդը

Մաթիաս. «Լիբանանի Օժանդակութեան Յանձնառու Կը Մնանք Եւ Կը Գնահատենք Տեղահանուածները Հիւրընկալելու Անոր Ճիգերը»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.