Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Բացումը Կատարեց «Միտըլ Իսթ»-ի Օդանաւորդութեան Վարժանքի Կեդրոնին

November 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանի տարածքին մէջ բացումը կատարեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կառուցած օդանաւորդութեան վարժանքի կեդրոնին:

Բացման արարողութեան ներկայ էին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, «Միտըլ Իսթ»-ի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով Հարիրի յայտնեց, թէ ինք չի հաւատար, որ օդակայանին մէջ կայացած այսօրուան ձեռնարկը զուգադիպած է իր հօր` նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ծննդեան օրուան` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը Ռաֆիք Հարիրիի անուան առնչուած է, որովհետեւ անիկա մաս կը կազմէր անոր տնտեսական, բարգաւաճման եւ ռազմավարական տեսլականին:

«Մեր օդակայանը դարպաս մըն է, որ նախ եւ առաջ պիտի հիւրընկալէ Լիբանան վերադարձող իր զաւակները, երկրորդ` կը հիւրընկալէ զբօսաշրջիկները, որոնց Լիբանան այցելութիւնները բաղձալի են, ինչպէս նաեւ դարպաս մը, որ կը հիւրընկալէ ներդրողները, որոնց կոչ կ՛ուղղենք իրենց ծրագիրները բաժնելու մեզի հետ` բարգաւաճեցնելու համար երկրին տնտեսութիւնը», շեշտեց Հարիրի:

Այս առիթով Հարիրի ողջունեց նաեւ նախարար Ֆընիանոսի ծրագիրը, որ կը միտի 5 միլիոն յաւելեալ ճամբորդ հիւրընկալել:

Իր կարգին, Հութ բարձր գնահատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաջութիւնը, որուն շնորհիւ ան կրցած է երկրին շահերը ամէն բանէ վեր դասել:

Հութ աւելցուց, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան այս կեդրոնը միայն օդանաւորդական կեդրոն պիտի չըլլայ, այլ պիտի տրամադրուի տնտեսական եւ ընկերային բոլոր խորհուրդներուն:

Միւս կողմէ, Հարիրի երեկոյեան նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցով նախարարական յանձնախումբի նիստին:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Թունուզի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Պըրրի Զգուշացուց Լիբանանի Գերիշխանութիւնը Թիրախ Դարձնող Իսրայէլեան Բռնարարքներէն

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.