Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներքին Ու Արտաքին Բոլոր Սահմանները Պէտք Է Առանց Բացառութեան Մնան Իրաքեան Կառավարութեան Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Ապատի

November 1, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը փորձենք անապատը մինչեւ Սուրիոյ հետ սահման մաքրել ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի անդամներէն»` նշելով, որ իրաքեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարին երեք տարիէ ի վեր, այսինքն` այն օրէն, երբ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները սկսան վտանգել Պաղտատը:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սուրիայէն Իրան երկարող քիւրտերուն հետ վիճելի տարածք եղող շրջաններուն դէմ իրաքեան ուժերու յարձակումին ընթացքին շատ զոհեր չարձանագրուեցան: «Մասնայատուկ ուժերուն հրամայեցի արիւնահեղութենէ զգուշանալ, որովհետեւ իրաքեան ուժերուն եւ փեշմերկաներուն միջեւ կռիւը պիտի դժուարացնէ քիւրտերուն ու կառավարութեան միջեւ հաշտութիւնը»:

«Իրաքեան ներքին ու արտաքին բոլոր սահմանները, առանց բացառութեան, պէտք է ըլլան իրաքեան կառավարութեան վերահսկողութեան տակ», յայտարարեց Իրաքի վարչապետը` աւելցնելով, որ ատիկա կը ներառէ նաեւ քարիւղի քրտական խողովակաշարը, որ Թուրքիոյ ճամբով կը հասնի Միջերկրական ծով:

«Ինտիփենտընթ» կը նշէ, թէ նշեալ վարչական փոփոխութիւնները գործնական գետնի վրայ վերջ կու տան Քրտական մարզի 26-ամեայ կիսանկախ վիճակին:

Նշենք, որ «Սփութնիք» երէկ հաղորդեց, թէ իրաքեան ուժերը ստանձնած են Թուրքիոյ հետ «Իպրահի Խալիլ» սահմանային անցքը, որ մինչ այդ կը գտնուէր փեշմերկաներու վերահսկողութեան տակ:

Իրաքեան Խորհրդարանը Որդեգրեց Իսրայէլեան Դրօշը
Բարձրացնելը Քրէականացնող Օրէնք Մը

Իրաքի խորհրդարանը որդեգրեց իսրայէլեան դրօշը բարձրացնելը քրէականացնող օրէնք մը: Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց այլ որոշում մը, որ կ՛արգիլէ Քերքուքի եւ վիճելի տարածքներուն մէջ դաշնակցային ուժերէն բացի որեւէ այլ ուժերու ապահովական կեդրոնատեղիի բացումը կամ անոնց ներկայութիւնը:

Ուաշինկթըն Կը Գնահատէ Պարզանիի Քայլը

Միացեալ Նահանգներ մեկնաբանած են Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի` իր պաշտօնէն հեռանալու մասին որոշումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ ամերիկեան կողմը գնահատած է Պարզանիի քայլը: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Պարզանի կարեւոր դեր ունեցած է ահաբեկչութեան դէմ ընդհանուր պայքարի ծիրին մէջ եւ եղած է իր ժողովուրդի խիզախ ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ քրտական քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղած է աջակցելու Քրտական մարզի գործող խորհրդարանի աշխատանքին, մինչեւ ատոր լիազօրութիւններու ժամկէտին աւարտը: Ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաղտատն ու Էրպիլը խրախուսած է կառուցողական երկխօսութեան սկիզբ դնելու:

 

Նախորդը

Այսօր Թեհրանի Մէջ Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Հանդիպում. Փութին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Նաեւ Խամենէիի Հետ

Յաջորդը

Թրքական Խորհրդարան. «Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Մէջ 50 Հիւլէական Ռումբեր Ունի»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.