Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկրին Կեանքէն Տարի Մը». «Մեզի Համար Հիմնականը Ազգային Միասնականութեան Պահպանումն Է. Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին, Իսկ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Հաստատութիւններուն Ընդմէջէն», Շեշտեց Նախագահ Աուն

October 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կը սկսի հանրապետութեան նախագահութեան իր երկրորդ տարուան գործունէութեան:

Իբրեւ գնահատական իր առաջին տարուան աշխատանքին, նախագահական պալատին մէջ երէկ գիշեր ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ընդարձակ հարցազրոյց մը, որ ուղղակի սփռուեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն:

Նախագահ Աունի հետ հարցազրոյցը վարողներն էին լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու լուրերու բաժիններու տնօրէնները:

Ընդարձակ եւ երկարատեւ հարցազրոյցը, որ վարեց նախագահական պալատի տեղեկատուական բաժինի տնօրէն Ռաֆիք Շլալա, ընդգրկեց լիբանանցիները մտահոգող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի իշխանութեան միամեայ աշխատանքներուն հոլովոյթը:

«Երկրին կեանքէն տարի մը» անուանումը կրող հարցազրոյցին սկիզբը նախագահ Աուն ողջունեց իր զրուցակիցները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները` շեշտելով, որ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին անոնք իրենց վստահութիւնը շնորհած են իրեն` վարելու իշխանութեան Ա. պետի պաշտօնը, նշելով, որ ինք խոստացած է Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային կայունութիւնը պահպանել, իսկ վստահութիւնը վերականգնելու կառավարութեան կազմութենէն 10 ամիս ետք կարելի է խօսիլ իրագործումներու մասին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ընդդիմութիւն տեսնել, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութիւն, սակայն պայման է, որ այս երկուքը հիմնուած ըլլան ճշմարտութեան վրայ եւ ոչ թէ սուտերու,  կասկածներու ու զրպարտութիւններու, որոնք երկրին կայունութեան սպառնացող վտանգի ցուցանիշներ են:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ վերականգնումի աշխատանքը դժուար է ու բարդ, եւ անոր մէջ ներառուած պէտք է ըլլան բոլոր լիբանանցիները, որովհետեւ համագործակցութիւնը բանալին է բոլոր յաջողութիւններուն:

Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է կատարեալ անկեղծութեամբ, զօր. Միշել Աունի յատուկ անկեղծութեամբ պատասխանելու իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երկրին իշխողը կարծէք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլն է, նախագահ Աուն պատասխանեց ըսելով, որ Լիբանանի մէջ զրպարտութիւնները շատ են` աւելցնելով, որ ինք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութիւնը յանձնած է Պասիլին եւ ան կը ղեկավարէ այդ կուսակցութիւնը, որ նախարարներով ներկայացուած է կառավարութեան մէջ:

Անդրադառնալով փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան եւ այս պաշտօնով նախարարութիւն մը ստեղծելու իրականութեան` նախագահ Աուն շեշտեց, որ նախարարը այդ իմաստով բոլոր թղթածրարները եւ տեղեկագիրները պատրաստած է, որովհետեւ փտածութեան դէմ պայքարը նոր պիտի սկսի եւ կարիքը կայ այդ պայքարը սկսելու յատուկ միջոցներու:

«Փտածութեան դէմ պայքարը պիտի ըլլայ հաստատութիւններուն ընդմէջէն եւ ոչ անհատներու: Հետեւաբար ատիկա կատարելու համար կարիքը ունինք օրէնքներ մշակելու», ըսաւ ան:

Փտածութեան կողքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ երկրին դիմագրաւած աղբերու տագնապին` զայն որակելով լուրջ տագնապ մը, որ տասնեակ տարիներու հարց է եւ մէկ օրէն միւսը անկարելի է արմատական լուծումներ գտնել անոր:

Ապահովական իրավիճակին մասին հարցումներու տարափի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն էր եւ այդ պատճառով ալ հաստատուած է երկրին կայունութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրելով մեծ յաղթանակ մը, «սակայն ապահովական կայունութեան կողքին կարիքը կար նաեւ դատական իշխանութիւններուն` ապահովելու համար նաեւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Լիբանանի նոր վարչակազմին իրագործումներէն են նաեւ պետական ամավարկի վաւերացումը, դիւանագիտական նշանակումները, համամասնական օրէնքին վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի կազմին նշանակումը:

Հըզպալլան ապազինելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի տագնապի լուծումին շնորհիւ միայն կարելի կ՛ըլլայ Հըզպալլայի զէնքին հարցը լուծել:

Ան դիտել տուաւ, որ անկարելի է երկրին վերաբերող իւրաքանչիւր հարցի պարագային Հըզպալլան պատասխանատու նկատել:

«Ինչպէս որ մենք կը հասկնանք անոնց, անոնք պէտք է հասկնան մեզ: Մեզի համար հիմնականը ազգային միասնականութեան պահպանումն է, եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ կայ համախոհութիւն` քաղաքական մակարդակի վրայ տարակարծութիւններ ունենալու, սակայն իրարու վրայ ձեռք չբարձրացնելու: Արաբական թէ օտար բոլոր երկիրները պէտք է հասկնան, որ Լիբանան ոչ ոքի հետ հարց կը փափաքի ունենալ: Բոլորը թող քաջ գիտնան, որ մենք մեր խաղաղութիւնը կ՛ուզենք պահպանել եւ բոլորին հետ յարաբերիլ փոխադարձ շահերու եւ յարգանքի հիման վրայ: Թող ոչ ոք մտածէ ճնշում բանեցնել Լիբանանի վրայ», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ 83 երկիրներ մեղսակից են: Մենք այդ տագնապին ոչ մէկ ձեւով մաս կը կազմենք, «եւ կը հաստատեմ, որ այդ արտայայտութեամբ ես տէր կը կանգնիմ լիբանանեան ազգային միասնականութեան», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Համաթի մէջ ամերիկեան զինուորական խարիսխ գոյութիւն ունի:

Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով նախագահ Աուն նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները առկայ են եւ կը շարունակուին դիւանագիտական մակարդակի վրայ, այսինքն` դեսպաններու եւ ոչ նախարարներու մակարդակով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տարի մը առաջ, երբ ստանձնեց հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը, լիբանանեան պետութիւնը քայքայուած էր, գրեթէ ոչինչ գոյութիւն ունէր:

Դժբախտաբար երկրին տնտեսութեան կացութիւնը նոյնն է, եւ այդ մարզին վերաբերող հսկայական սխալներ կան:

Տնտեսական ենթակառոյցը իր կարգին կարիք ունի վերանորոգումի: Տակաւին գոյութիւն ունի պետական գանձարկղի նիւթական բացը:

Բայց եւ այնպէս դրամատնային մարզն ու լիբանանեան թղթոսկին կայուն են եւ այս իմաստով ամերիկեան պատժամիջոցները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի չունենան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան միջարաբական բախումներուն մէջ չի կրնար կողմնակալութիւն կատարել, որովհետեւ արաբները եղբայրներ են, «եւ անկարելի է, որ եղբօր մը հետ ըլլանք, իսկ միւսին` դէմ», ըսաւ ան` վերահաստատելով, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու զարգացումը Հըզպալլայի հետ չեն առնչուած:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը գործադրուելէ առաջ կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել:

Նախագահ Աուն իր հարցազրոյցը եզրափակեց վերստին կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն հաւատալու ճշմարտութիւններուն` շեշտելով, որ ինք պիտի շարունակէ կասկածները փարատելու իր աշխատանքը:

Նախորդը

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Կարայեան Քննարկեցին Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Մամետեարով. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ Պիտի Հանդիպին Նոյեմբերի Կիսուն»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.