Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

October 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի ու Թապարժայի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ:

Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քլոտ Արըճեան, որ հաւաքոյթը բնութագրեց իբրեւ համախմբումի առիթ, ոչ անպայման` յատուկ պատճառով մը, այլ` անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ շրջանին մէջ հայութեան ներկայութիւնը փաստ է համայն հայութեան արձանագրած յաղթանակին, դաժան պայմաններ շրջանցելով` գոյատեւելու կամքին, ինչպէս նաեւ` վերյիշեցնելու, որ Լիբանանի մէջ հայերը ներկայութիւն եղած են բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ հայութիւնը նշեալ շրջաններուն մէջ կը գործէ իր կառոյցներուն, ակումբին եւ միաւորներուն միջոցով` հաստատելով, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ իր ջանքերը` մնայուն կապի մէջ մնալով շրջանի հայութեան հետ:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Աւագեանը, որ անդրադարձաւ մերօրեայ բազմապիսի տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ աւելի քան երբեք առաջնահերթ պէտք է նկատել հայապահպանութիւնը: Անոր համաձայն, Ժիպէյլի եւ շրջակայքի հայութիւնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է ազգի գոյատեւման գործընթացին մէջ, որովհետեւ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն ապաստան տուած «Թռչնոց բոյն»-ը կը գտնուի շրջանին մէջ, ուր կազմուած է համայնք մը: Անոր համաձայն, մեր ուսերուն դրուած ծանր պարտականութիւնը կը թեթեւնայ ու տանելի կը դառնայ, երբ զայն կը ստանձնենք միասնաբար, այդպիսով կը յաջողինք ու նորանոր նուաճումներ կ’արձանագրենք:

Արամ Աւագեանի համաձայն, տուեալ հաւաքը լաւագոյն փաստերէն է շրջանի հայութեան հաւաքական ուժին ու միասնական ոգիին, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ յառաջանալ խրոխտ քայլերով: Ան միասնութեան կոչ ուղղեց բոլորին` տեղեկացնելով, որ այդ նպատակով արդէն իսկ ստեղծուած է Հայ կեդրոնը, որ կ’ընդգրկէ պատանեկան եւ երիտասարդական զոյգ միութիւնները, ԼՕԽ-ը, կուսակցական շարքերը, զանազան յանձնախումբեր եւ այլ միաւորներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ սերունդներ դաստիարակել: Ան անդրադարձաւ ապագայի ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարել տուեալ շրջաններու բնակիչներուն:

Անկէ ետք իր պատգամը տուաւ «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ հաստատուած «Հայոց ցեղասպանութեան որբերու Արամ Պէզիքեան» թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեան, որ ողջունեց 4 շրջաններու բնակիչներու այս համախմբումը` զայն բնութագրելով իբրեւ առիթ` սիրոյ, մտերմութեան եւ հարազատութեան  դրսեւորման, անկեղծ կապերու հաստատման, սրտերու կամրջման: Ան դիտել տուաւ, որ հայութիւնը թէեւ ունեցած է բաւական մեծ մարտահրաւէրներով լի կեանք մը, բայց եւ այնպէս անցնող 100 տարուան ընթացքին բաւական բան իրագործած եւ բեղուն ուղի կտրած է: Պսակ աբղ. Թեփիրճեան ներկաները տեղեկացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, շաբաթական դրութեամբ, ուրբաթ օրերը ժամը 8:00-էն սկսեալ Հայ կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենան Աստուածաշունչի սերտողութեան յատուկ դասախօսական հանդիպումներ, որոնք առիթ պիտի ըլլան իւրաքանչիւրին` իր կապը ամրապնդելու եւ մտերմութիւնը վերականգնելու Աստուծոյ հետ:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ նախորդող շրջաններուն կոմիտէին ծաւալած գործունէութիւնը:

Անկէ ետք  ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ուրախութիւն յայտնեց այդ հանդիպումին համար` դիտել տալով, որ այդ շրջանը միշտ ալ յատուկ նշանակութիւն ունեցած է հայութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան եղած է խորհրդանիշը մեր ժողովուրդի ուժին, կամքին, կորովին, տոկունութեան եւ արմատներուն կառչածութեան: Ան անդրադարձաւ շրջանի պատմականին` դիտել տալով, որ հակառակ անոր որ այսօր շրջանին մէջ դպրոց ու եկեղեցի չկան, հակառակ անոր որ նման օտար միջավայրի մէջ հայ մնալը դիւրին չէ, բայց եւ այնպէս հայութիւնը պահպանեց եւ կը շարունակէ պահպանել իր ինքնութիւնը, աւելցնելով, որ եկեղեցի պիտի ունենան անոնք:

Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայ համայն հայութեան համար արժէք է` կոչ ուղղելով միշտ հպարտ զգալու հայկական ինքնութեամբ, լիբանանցի տիպար քաղաքացի ըլլալու իրականութեամբ` լաւապէս գիտակցելով, որ իբրեւ քաղաքացի ոչ մէկ բանով նուազ ենք միւսներէն, այլ ընդհակառակը, լիբանանահայութիւնը թէեւ իբրեւ գաղթական հասաւ Լիբանան, սակայն այս երկրին տուաւ շատ բան, գործեց եւ յառաջդիմութիւն արձանագրեց տարբեր բնագաւառներու մէջ, ունեցաւ դրական ներդրում եւ եղաւ խաղաղասէր ներկայութեան տէր հաւաքականութիւն` մերժելով խուլիկանութիւնը, ոճիրներն ու անօրէնութիւնը: Ան հաստատեց, որ այսօր մեր ակումբները բաց են շրջաններու բնակիչներուն դիմաց, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ծառայելու բոլորին` իր ունեցած բոլոր կարելիութիւններով եւ միջոցներով: Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած ինքնութեան պահպանման ծառայող տարբեր ֆոնտերու մասին, որոնք տրամադրելի են համայն լիբանանահայութեան անխտիր, եւ որոնց նպատակն է պահպանել հայկական միջավայրն ու արժէքները:

Ապա երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի համայնքային դրութեան` դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր համայնքի զաւակ կոչուած է պահպանելու իր համայնքին իրաւունքները, գերագոյն շահերը, կառչելու հայկական կուսակցութիւններուն, մայիսին կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկելու հայ թեկնածուներուն, որովհետեւ միա՛յն հայը հայուն նեցուկ է եւ ապաւէն, օտարը, որքան ալ հարազատութիւն ցուցաբերէ, կրնայ դաշոյնը խրել որեւէ պահու: Ան աւելցուց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու ճիգ կը տարուի, որպէսզի հայութիւնը աւելի զօրաւոր եւ հզօր պատկերով ներկայանայ լիբանանեան ընկերութեան:

Ապա արաբերէնով իր սրտի խօսքը ուղղեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ լիբանանահայութիւնը այս երկրին մէջ ունի իր ինքնուրոյնութիւնը, էութենականութիւնը, դերն ու կշիռը, ան անբաժան մէկ մասնիկն է լիբանանեան խճանկարին: Ապա Ա. Կիտանեան  շեշտը դրաւ ժողովուրդին հետ ըլլալը Դաշնակցութեան առաջնահերթութեան վրայ` դիտել տալով, որ  ժողովուրդին շնորհիւ է, որ կարելի եղած է նուաճումներ արձանագրել, ուստի լիբանանահայութեան ծառայելը պարտաւորութիւն է: Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ հայութեան միասնականութեան, կուսակցութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութեան, ինչ որ տեղացիներուն նախանձը կը շարժէ եւ ուշադրութիւնը կը գրաւէ:

Նախարար Կիտանեանի համաձայն, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ չէ, որ հայութիւնը ներկայացնող նախարարն ու երեսփոխանը կուսակցական ըլլան, այլ կարեւորը այն է, որ լիբանանահայութիւնը իր խօսքը լսելի դարձնող, իր իրաւունքները պաշտպանող ներկայացուցիչներ ունենայ: Ան հաստատեց, որ կուսակցութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ իր ժողովուրդին հետ կապը հաւասարէ հաւասար է, Դաշնակցութիւնը միշտ անկեղծ եղած է իր ժողովուրդին հետ, չէ խաբած զայն:

Աւետիս Կիտանեան նաեւ անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` համոզում յայտնելով, որ այս անգամ եւս լիբանանահայութիւնը պիտի փաստէ իր ներկայութիւնը, իր քուէներով տէր պիտի կանգնի իր իրաւունքին:

Ընթրիքին ընթացքին մթնոլորտը խանդավառեց Մհեր Չափարեան:

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

Յաջորդը

Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Կառուցումը Չի Աւարտուի Նաեւ 2019 Թուականին. Սուրէն Պարսեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.